Դիւանագիտութեան Պետը Մեղաւոր` Զինուորական Ձախողութեան Համար

Յօդուածներ – Զրոյցներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

«Ազրպէյճանցի ժողովուրդը յոգնած է այս անիմաստ բանակցութիւններէն: Այդ իսկ պատճառով, բոլոր անոնք, որոնք այս օրերուն իրենց միջնորդական առաջարկները կը կատարեն, թող մտածեն այս մասին, ազրպէյճանցի ժողովուրդի համբերութիւնը անսահման չէ», յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Հեգնական է, որ Պաքուի բռնատէրը կը խօսի ազրպէյճանցի ժողովուրդին անունով: Միւս կողմէ, նաեւ կը խոստովանի, թէ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Պաքուի Շեհիտներու ծառուղիին մէջ հաւաքուած եւ «Ես Ղարաբաղի մէջ կ՛ուզեմ պատերազմիլ» բացագանչող հազարաւորներէն միայն 150¬ը իրենց անունները ներկայացուցած են այդ նպատակով արձանագրելու: Այլ խօսքով` Ալիեւ կա՛մ կը ստէ, կա՛մ ալ «ազրպէյճանցի ժողովուրդ» ըսելով կը խօսի ինքն իր մասին:

Առաջին անգամը չէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցութիւնները կը կոչէ «անիմաստ»: Ան 20 յունիսին եւ 7 յուլիսին այդ մասին յայտարարած էր, եւ իբրեւ իր խոր համոզումին ու տագնապի զինուորական լուծման ընտրանքին հակուած ըլլալուն գործնական փաստ` 12 յուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ձեռնարկեց զինուորական յարձակումի:

Ալիեւի նպատակը թերեւս հայկական կողմին համար կենսական եղող` Վրաստանի հետ Հայաստանի սահմանէն հատուած մը գրաւելով հայկական կողմին զայն Արցախի հետ փոխանակել ստիպելն էր: Այժմ, որ Հայաստան ներխուժման փորձը ձախողած է եւ տակաւին 28 մայիսին հնչած ո՛չ միայն Արցախը, այլ նաեւ Հայաստանը գրաւելու ալիեւեան յոխորտանքը մնացած է անոր կոկորդը` բռնապետը ստիպուած էր իր խայտառակուիլը ծածկելու համար մեղաւորներ փնտռել, չգոյութեան պարագային հնարել եւ ի վերջոյ զոհել:

Քաւութեան նոխազը դարձաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը, որուն շուրջ արդէն փտածութեան կասկածներ գոյութիւն ունին եւ անոր նախարարութեան մէջ գործող մերձաւորները վերջերս փտածութեան մեղադրանքով ձերբակալուած էին Ազրպէյճանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ: Ալիեւ Մամետեարովը զոհելու մտադրութեան գոյութեան մասին յուշեց, երբ չորեքշաբթի օր դժգոհութիւն յայտնեց Մամետեարովի աշխատանքին նկատմամբ` ընդգծելով, որ նախարարը պէտք է Հայաստանի հետ համաձայնԷր Ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ, սակայն, ցաւօք, մինչեւ հիմա նպատակին չէ հասած: Աւելի՛ն, ան նշեց, որ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը հայկական կողմին հետ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարը քննարկած է եւ որեւէ ձեւով չէ արձագանգած 12 յուլիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ սկսած իրադարձութիւններուն:

Այսպիսով, դիւանագիտութեան պետը մեղադրուեցաւ զինուորական ձախողութեան համար, որքան ալ զաւեշտական ըլլայ ատիկա: