Վերանկախացման Եւ Արցախեան Պայքարի Մեր Ուղին.- Հեռատես ու Քաղաքականօրէն Հասուն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խաժակ Մկրտիչեան

1988-ի Օգոստոսին կը գումարուէր Հ․Յ․Դ․ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովը: Այս Ընդհանուր Ժողովին վրայ անխուսափելի է չկեդրոնանալ, որովհետեւ երեսունամեայ մեր ուղին անհնար է ուրուագծել առանց այս Ընդհանուր Ժողովի որոշումներուն ու քննարկումներուն:

Այստեղ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ի մի կը բերէր պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող նախորդող ամիսներու հանրագումարը եւ այդ քննարկումներու լոյսին տակ՝ ճամբայ կը հարթէր ապագայ ընելիքներուն: Ուշագրաւ է այս ժողովէն բխած յայտարարութեան առաջին տողը. «Պատմական դարձակէտ կ’ապրի Հայոց նորագոյն պատմութիւնը: Հայկական Հարցը մտած է նոր եւ բախտորոշ փուլի մը մէջ»: Յստակ է, որ դարձակէտը Արցախեան պայքարն է, իսկ Հ․Յ․Դ․-ն զայն կը դիտէ իբրեւ Հայկական Հարցի բախտորոշ փուլ: Աւելին, Արցախի ժողովուրդին արդար ընդվզումը Դաշնակցութեան համար կ’ընկալուէր իբրեւ ազդակ, որ էապէս զօրացուց Հայ Դատի հետապնդման կարելիութիւնները:

Այս հաստատումները Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը չէր կատարեր լոկ իբրեւ դէպքերու եւ իրադարձութիւններու հետեւող դիտորդ, այլ կը շեշտէր, որ «Արցախի եւ հայրենի ազգային պահանջատիրութեան սքանչելի զարթօնքը Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կը դնէ վեարանորոգուող ու միշտ աւելի շեշտուող պարտաւորութեանց դիմաց»: Առաջին իսկ օրէն, Դաշնակցութիւնը Արցախեան գոյամարտը ընկալեց իբրեւ Հայ Դատի ամբողջականութեան մէկ մասնիկ եւ ամբողջական յանձնառութեամբ կը ստանձնէր իրեն բաժին ընկած պարտաւորութիւնները: Ի վերջո, վերոյիշեալ ժողովի տրամադրութիւններուն ու որոշումներուն հարազատ ծնունդն էր մեծն Ակնունիի հեղինակած «Դէպի Երկիր» կարգախօսի վերարտադրումը:

Դաշնակցութեան այս բարձրագոյն ժողովը կ’ուրուագծէր այն ուղղութիւնները, որոնք պիտի հունաւորէին յաջորդ հանգրուանի քայլերը: Դաշնակցութեան համար Հայաստանը հիմնական գործօն պէտք է ըլլայ, որուն խաղալիք դերը Հայ Դատի հետապնդման եւ պահանջատիրութեան գծով ունի վճռական նշանակութիւն: Նպաստել, որ ազգային-հաւաքական շահերը ամէն բանէ գերադասող հայրենի արժանաւոր ու բարոյանուէր իշխանութիւն ստեղծուի: Ամէն կերպ պէտք է ջանալ, որ առողջ եւ իրատես հունի մէջ մնայ հայրենի պահանջատիրութեան շարժումը:

Խորքին մէջ, Դաշնակցութեան համար ընդգծուած այս երեք կէտերը փոխկապակցուած էին: Հայաստանը Հայ դատի հետապնդման եւ պահանջատիրութեան գծով վճռական դերակատարութիւնը ստանձնելու համար` անհրաժեշտ էր արժանաւոր ու բարոյանուէր ղեկավարութիւն (պետական եւ ժողովրդային), որ «ամէն բանէ վեր» պիտի դասէր միասնութեան պահպանումը, ճամբան պիտի փակէր ներքին երկփեղկումի դիմաց եւ հայրենի պահանջատիրութեան շարժումը պիտի պահէր առողջ եւ իրատես հունի մէջ:

Այս կեցուածքը արտայայտուեցաւ Սեպտեմբեր 1988-ին, Հնչակեան եւ Ռամկավար կուսակցութիւններու հետ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Կը պահանջենք, որ Խորհրդային Հայաստանի պետական իշխանութիւնները առաւել վճռականութեամբ, հարազատ թարգմանը հանդիսանալով համաժողովրդական իրաւացի պահանջներուն…»: «Կոչ կ’ուղղենք նաեւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մեր արի ժողովուրդին, որ խուսափին այնպիսի ծայրայեղական կեցուածքներէ, ինչպէս՝ գործադուլները, դասադուլները եւ ծայրայեղական կարգ մը կոչերը ու արտայայտութիւնները, որոնք կը խանգարեն կարգն ու կանոնը մեր հայրենիքի հանրային կեանքին, ծանր կորուստներու կ’ենթարկեն մեր երկրի տնտեսական, արդիւնաբերական, կրթական, մշակութային կեանքը…»: «Պէտք է ամէն բանէ վեր պահպանել մեր ժողովուրդի միութիւնը, որուն մէջ է մեր զօրութիւնը, եւ հեռատեսութեամբ հետապնդել մեր գերագոյն շահերը»:

Նոյն տարուան Նոյեմբերին, գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որ իր կարգին կոչ կ’ուղղէր «պահանջատէր հայութեան բոլոր հատուածներուն, որպէսզի» ամէն բանէ վեր դասուի հայութեան միասնականութիւնը, ամրապնդուի Արցախեան Շարժումը շարունակելու յանձնառութիւնը: Խորհրդաժողովը կարեւորութեամբ շեշտեց, որ պէտք է «Սփիւռքը իր բոլոր ուժերով զօրավիգ դարձնենք հայրենի հայութեան բողոքի ելոյթներուն, համաժողովրդական բնոյթ տալով անոր ցոյցերուն եւ գործադուլներուն, որոնք կը ծառայեն պայքարի միացեալ ճակատը ամրապնդելու համազգային առաջնահերթ նպատակին: Այդ պոռթկումները, սակայն, ինքնանպատակ պէտք չէ դառնան, ազատ բեմի պէտք չէ վերածուին անպատասխանատու տարրերու առջեւ…»:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 24-րդ Ընդհանուր Ժողովին կողմէ որդեգրուած քաղաքական այս ուղղութիւնը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու եւ քննադատութիւններու թիրախ դարձաւ: Նոյնիսկ ՀՅԴ շարքերուն մէջ գտնուող կարգ մը անհատներ հանդէս կու գային կարճատես մեկնաբանութիւններով ու մակերեսային քննադատութիւններով: Ոմանք մեղադրեցին խորհրդայնասիրութեամբ, գործադուլներուն եւ դասադուլներուն համաձայն չըլլալը ընդունեցին իբրեւ Արցախեան պահանջատիրութեան ընդդիմանալու քայլ, ոմանք ալ դժգոհ էին հայրենի պահանջատիրութեան ՀՅԴ-ի ամբողջական աջակցութենէն եւ հարց կու տային. «Ցանկանում էք նորի՞ց արիւն հոսի Հայաստանում: Ցանկանում էք, որ Անդրկովկասում ժողովուրդները նորի՞ց իրար անցնեն, որպէսզի մի Ղարաբաղ կամ մի Ախալքալաք կցուեն Հայաստանին»:

Քննադատող այդ ձայները գլխաւորաբար կը լսուէին հակադաշնակցական մոլուցքով տարուած տարրերէն, հայրենի ժողովրդային պահանջատիրական շարժման մէջ ներգրաւուած խօսքի ասպետ արկածախնդիրներէն եւ Արցախեան շարժմամբ արդարօրէն խանդավառ, բայց այսօրէական կարճատեսութեամբ տառապողներէն: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատասխանը շատ յստակ էր. «Իր բոլոր միջոցներով շարունակ պիտի քաջալերէ հայրենի հայութիւնը, որպէսզի Արցախեան պահանջատիրութիւնը պահէ ՀԵՌԱՏԵՍ ու ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ ՀԱՍՈՒՆ իր ուղղութեան մէջ…»:

Աւելին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրայր Մարուխեանի մեկնաբանութեամբ, «փոքր Հայաստանի» տնտեսական եւ արդիւնաբերական միջոցներուն վնասող ու քաղաքական արկածախնդրութիւններուն համաձայն չենք, բայց «Շատ բնական է որ ամէն բանէ առաջ հայ ժողովուրդին կողքին ըլլանք, ինչ որ մեր վերջին Ընդհանուր Ժողովի հիմնական որոշումներէն մէկն է: Պէտք է ամէն բան ուղղել դէպի հայրենիք. «Դէպի երկիր» պիտի ըսէր Ակնունի: Մեր բոլոր կարելիութիւնները պէտք է ուղղուին դէպի Հայաստան»: