«Միասին Կը Յաղթենք» Նախաձեռնութիւնը Հասաւ Սիւնիք

Հայաստան

«Քորոնա» ժահրի համաճարակին տնտեսական հետեւանքը դժուար պայմաններ ստեղծած է Հայաստանի բազմաթիւ շրջաններու մէջ։

Հայաստանի մէջ դաշնակցական երիտասարդներ լծուած են իրենց հայրենակիցներուն ձեռք մեկնելու գործին: Յատկապէս նպատակային է տարեցներուն եւ մայրաքաղաքէն հեռու՝ սահմանամերձ գօտիին մէջ գտնուող ու մեր երկրի սահմաններու պաշտպանութեան մասնակից դարձող սահմանամերձ գիւղերու բնակիչներուն օգնութիւնը:

Արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր աջակցութեան յատուկ «Միասին կը յաղթենք» նախաձեռնութեամբ, դաշնակցական երիտասարդներ կը մեկնին զանազան շրջաններ եւ իրենց օժանդակութեան սնտուկները կը յանձնեն հայրենակիցներուն: Նախաձեռնութիւնը սկսած է Հայաստանի երիտասարդական կառոյցներու միջոցներով եւ կը շարունակուի տարբեր, նաեւ՝ Դաշնակցութեան արտերկրի կառոյցներէն հանգանակուող եւ ուղարկուող օժանդակութեան միջոցով:

Նախորդող օրերուն երիտասարդները հասան Սիւնիք, ուր այցելեցին ընտանիքներու, որոնց յանձնեցին իրենց օժանդակութիւնը։