Ատրպէյճանի Յատուկ Ծառայութիւններ Փորձած Են Համացանցի Միջոցաւ Տեղեկութիւններ Կորզել Հայաստանի Բանակին Մասին

Հայաստան

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), հետամուտ ըլլալով օտար պետութիւններու յատուկ ծառայութիւններու հետախուզական քայքայիչ գործունէութեան դէմ պայքարին եւ տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտին մէջ, Հայաստանին օրէնքով վերապահուած գործողութիւններ եւ լիազօրութիւններ իրականացնել, կը շարունակէ բացայայտել Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու յանցաւոր նկրտումները, ինչպէս նաեւ հակազդել համացանցի զանազան հարթակներու վրայ ատրպէյճանցի օգտատէրերու կողմէ շարու­նա­կական բնոյթ կրող հակա­հայ­­կական եւ Հայաստանի զինուած ուժերը վար­կա­բե­­­կե­­­լ միտող քայլերուն։ Այս մասին կը նշուի Հայաստանի ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնին տարածած հաղորդագրութեան մէջ։

Անոր մէջ նաեւ կը նշուի, որ այս ծիրին մէջ իրականացած աշխատանքներէն բացայայտուած է, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան յատուկ ծառա­յու­թիւններու «արհեստավարժ հետախոյզներ» ը, հաւատարիմ մնալով իրենց բնորոշ պարզունակ գործելաոճին եւ օգտագործելով արդի տեղեկատուական արհեստագիտութեան կարելիութիւնները՝ կը շարունակեն համացանցի ընկերային էջերուն վրայ հաստատել արտերկրի մէջ բնակող հայերու անուններով կեղծ էջեր եւ ներ­կա­յա­նա­լով իբրեւ գործարար-բա­րե­րարներ կամ Հայաստանի բանակի նախկին զինուորներ, ծա­նօթու­­թիւն­ներ կը հաստատեն հայ զինուոր-օգտա­տէրերու, անոնց հարազատներուն հետ եւ հաստատուած յարաբերութիւններուն միջոցով կը փորձեն կորզել ռազմական բնոյթի տեղեկութիւններ:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու գործողութիւնները այնքան նոյնաբովանդակ եւ պարզունակ են, որ զինուորները յատկապէս իսկոյն կը գիտակցին, որ գործ ունին ատրպէյճանական «հզօր հետախոյզ»ի մը հետ, շուտով կը դադրեցնեն կապը եւ տեղեակ կը պահեն համապատասխան մարմինները։ Սակայն կան պարագաներ, երբ առանձին զինուորներ, որոնց կարգին հրամանատարական կազմի անդամներ՝ միամտօրէն կը կարծեն, թէ կը հաղորդակցին իրենց նախկին ծառայակիցներուն կամ այլ ենթականերու հետ, եւ նամակագրութիւններու ընթացքին կը քննարկեն զինուորական ծառայութեան վերաբերող հարցեր:

«Ձեռնարկուած գործնական-հետախուզական միջոցառումներու ընթացքին պարզուած է, որ Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու աշխատակից-օգտատէրը, «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցին մէջ արձանագրուած մտացածին էջով (կեղծ) նամակագրական կապեր հաստատած է ՀՀ Զու բարձրաստիճան սպայի հետ եւ փորձած է անորմէ կորզել տեղեկութիւններ ՀՀ Զու վերաբերեալ:

«Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը եւս մէկ անգամ կը յորդորէ Հայաստանի քաղաքացիներուն` յատկապէս զինծառայողներուն, զերծ մնալ ընկերային ցանցերու մէջ անծանօթ օգտատէրերու հետ շփումներէն եւ չքննարկել զինուորական ծառայութեան վերաբերող թեմաներ, իսկ նման իրադրութեան մէջ յայտնուած անձերուն եւ զինծառայողներուն, իրենց իսկ շահերէն մեկնելովել, կը կը խնդրենք անյապաղ դիմել Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն», կ՛եզրափակէ նշեալ հաղորդագրութիւնը: