Արմէն Սարգսեան Այցելած է Հայ-թրքական Սահման

Հայաստան

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այցելած է Հայաստանի պետական սահման․ որու ընթացքին եղած է նաեւ Ռուսաստանի սահմանապահ զօրքերու ջոկատ: Ան ըսած է, որ պետական սահմանին ծածանուող Հայաստանի եւ Ռուսիոյ դրօշները փոխվստահութեան վրայ հիմնուած բարեկամական եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու խորհրդանիշ են:

Ռուսիոյ սահմանապահները, համաձայն 1992-ի Սեպտեմբեր 30-ի Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջպետական համաձայնագրի, կ՛իրականացնեն Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի հսկողութիւնը:

 «Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ վարչութիւնը յաջողութեամբ կը լուծէ իր առջեւ դրուած խնդիրները»,- ըսած է նախագահը:

 Նախագահը տիկնոջ հետ եղած է նաեւ Նոր Շէն (Խարկով) գիւղ, ուրկէ կ՛երեւին հայոց հինաւուրց Անի մայրաքաղաքի աւերակները: Անոնք զրուցած են գիւղի միակ բնակիչին` Վահանդուխտ տատիկին հետ: