Մեծն Բրիտանիոյ Դեսպանատունը Պաշտպանութեան Նախարարութեան Տրամադրեց Անհատական Պաշտպանիչ Միջոցներ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Բրիտանիոյ պաշտպանական համագործակցութեան ծրագիրներու ծիրին մէջ, Յուլիս
1- ին, Մեծն Բրիտանիոյ դեսպանատունը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տրամադրեց տեղական արտադրութեան անհատական պաշտպանիչ միջոցներ, կը հաղորդէ “Արմէնփրես”։

Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան՝ աջակցութիւնը տրամադրուած է զինեալ ուժերու շարքերուն մէջ «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման աջակցելու նպատակով։

Յանձնման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի մօտ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Տէյվիտ Մորան եւ Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան պետ, գնդապետ Սահակ Օհանեան:

Դեսպանը ողջունեց «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման վերաբերող համաշխարհային ջանքերուն մէջ Հայաստանի մասնակցութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ նման միջոցառումներով դեսպանութիւնը կարենայ իր նպաստը բերել համաճարակին տարածման վտանգին նուազեցման։