Պոլսոյ Կեդրոնական Փողոցներէն Մէկը Անուանուած է Ատրպէյճանի Անունով

Uncategorized

Ճենտերէ փողոցը, որ կը գտնուի Պոլսոյ կեդրոնական թաղամասերէն մէկուն հնագոյն մասին մէջ ` Սարիէր, Պոլսոյ մէջ Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան առաջարկով եւ նախաձեռնութեամբ վերանուանուած է Ատրպէյճանի փողոց, կը հաղորդէ “Երկիր”-ը։
Ըստ ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն` «Երկու պետութիւն ` մէկ ազգ» կարգախօսով այս իրադարձութիւնը կը դառնայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պատմական եղբայրութեան մէկ այլ վառ օրինակ:
Փողոցը վերանուանուած է Սարիիրի քաղաքային ժողովի համապատասխան որոշումին համաձայն: Այս որոշումը ներկայացուած է Պոլսոյ քաղաքային ժողովին`  պաշտօնական ընթացակարգերը աւարտելու համար: