Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Առաջնագիծ Այցելած Է (լուսանկարներ)

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Յունիս 28-ին, պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանի եւ պաշտօնատար այլ անձերու ուղեկցութեամբ այցելած է հանրապետութեան հարաւ-արեւելեան սահման եւ տեղւոյ վրայ ծանօթացած առաջնագիծի իրավիճակին։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ԱՀ նախագահի Աշխատակազմի եւ տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Երկրի ղեկավարը բարձր գնահատած է առաջնագիծին վրայ իրականացուող կահաւորման ու նոր զինատեսակներով համալրման աշխատանքները եւ այդ ուղղութեամբ բանակի հրամանատարական կազմին տուած է նոր ցուցմունքներ:

Արայիկ Յարութիւնեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ շարունակուող ռազմատենչ յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ պաշտօնական Պաքուն դեռ պատրաստ չէ Արցախի իշխանութիւններուն հետ քննարկելու խաղաղութեան օրակարգ, ուստի պէտք է գործադրուին բոլոր ջանքերը հակառակորդին կողմէ ռազմական հնարաւոր արկածախնդրութիւնները կասեցնելու եւ արժանի հակահարուած տալու համար: