Նոր նամականիշ` Նուիրուած Հռոմի Պապի Հայաստան Այցին

Աշխարհ, Հայաստան

Յունիս 24-ին լրացաւ Հռոմի Պապ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսի Հայաստան հովուապետական այցելութեան 4-ամեակը: Այդ այցելութիւնը լայնօրէն լուսաբանուած ու մեծ հնչեղութիւն ստացած է աշխարհի մէջ։ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը՝ Սուրբ Աթոռի ՀՀ դեսպանութեան Facebook-ի էջէն կը տեղեկանայ, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուին միջազգային ընդգրկում ունեցող այդ անմոռանալի իրադարձութեան արձագանգները։

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը 2020-ը յայտարարած է «Բոյսի առողջութեան պահպանման միջազգային տարի», ու այդ նախաձեռնութեան միացած է նաեւ Վատիկանը՝ թողարկելով նամականիշ, որուն վրայ պատկերուած է, թէ ինչպէս Հայաստան այցելութեան ընթացքին Ն.Ս. ֆրանչիսկոս Պապը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ կաթողիկոսի հետ կը ջրէ խորհրդանշական Նոյեան Տապանի մէջ տնկուած որթատունկը՝ ատով իսկ հաստատելով նաեւ, որ բոյսի ու երկրագունդի առողջութեան թեման հոգեւոր արժէք է։

Անցեալին եւս Վատիկանը թողարկած է նամականիշերու շարք, ուր յատուկ տեղ կը գրաւէ Հայաստան պատմական այդ այցելութեան թեման։ Մասնաւորապէս՝ 2016 Յունիս 24-26 Հայաստան կատարած «Այց առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրը կրող այցին նուիրուած նամականիշին վրայ պատկերուած է Ֆրանչիսկոս Պապը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդ յուշահամալիրին մէջ աղօթելու պահուն։