Իշխանութիւններու Յաջողութեան Կամ Ձախողութեան Չափանիշը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ցողիկ Աշըգեան

Ժողովրդավարական կառավարման համակարգը արդարացիօրէն արդիւնաւէտ ձեւաչափ է, ապահովելու գործնական հանրային ներգրաւուածութիւն, վերահսկողութիւն եւ այլակարծութիւն: Ակնյայտ է, որ ժողովրդավարական հիմքերով առաջնորդուող եւ գործող կազմակերպութիւններն ու կուսակցութիւնները, կ’որդեգրեն ներքին ժողովրդավարական կառուցուածք՝ անո’վ ամրապնդելու, հաստատելու եւ իրագործելու հանրային նպատակներ եւ տեսլականներ: Ակնյայտ է այս երեւոյթը եւ տրամաբանօրէն սպասելի՝ պարզ այն բացատրութեամբ, որ կօշկակարը կօշիկ կը նորոգէ, շինարարը՝ տուներ  կը կառուցէ, եւ այսպէս:

Երբ խօսքը համակարգային կառավարման բացթողումներու մասին է, ոլորտային ըլլան անոնք թէ համընդհանուր բնոյթի,  ընդհանրապէս իսկական պատկերը շա՛տ աւելի  քայքայուած   ու սպառած կ’ըլլայ քան մակերեսային տեսանելի մասը: Բացթողումներու իսկական չափը մանաւանդ ի յայտ կու գայ տագնապներու եւ ճգնաժամերու ատեն:

Երկամեայ գործունէութիւն ծաւալող Հ․Հ․ իշխանութիւներուն հակաճգնաժամային ծրագիրները, ցաւով պէտք է արձանագրել, որ անյաջող դուրս եկան՝ սկզբնական շրջանին վարակի տարածումը կանխարգիլերու առումով եւ  յետագային վարակի պատճառած տնտեսական եւ ընկերային խնդիրները լուծելուն մէջ: Հակահամաճարակային ձախող քաղաքականութենէն անդին, բազմաթիւ եղան իշխանութիւններուն թոյլ տուած բացթողումները, որոնք շատ մը պարագաներուն անդառնալի հետեւանքներու հաւանականութեամբ ծանրացած են: Ինչպէս օրինակ՝  ԿԳՄՍ նախարարութեան  ձախորդ ազգային կրթութեան քաղաքականութիւն, օդագնացութեան աղէտալի կացութիւն, մարդկային աղէտի եզրին յայտնուած առողջապահութեան համակարգ, խորհրդարանական դատարկաբանութիւններ եւ անարդիւնաւէտութիւն, արտաքին քաղաքականութեան խարխափումներ եւ բանակցային անկայուն ու մտահոգիչ խօսոյթ:  Ասոնց նաեւ կ’աւելնան Երեւանի աւագանիի իշխանական ներկայացուցիչներու քաղաքաշինական եւ մաքրագործման աշխատանքներու խայտառակ վիճակ, մարզպետական խեղկատակութիւններ եւ հինէն ժառանգուած կաշառակերութեան ախտավարակ երեւոյթներ , եւ մասամբ նորին:

Այս բոլորը  միայն քատրա՞յին  (յարմար թեկնածուի) կամ թէ համակարգային հարցե՞րու հետեւաք են: Ի հարկէ՝ ո’չ: Անոնք շատ աւելի լո’ւրջ, հիմնակա’ն եւ ի սկզբանէ գոյութիւն ունեցող  պատճառներու համապատասխան հետեւանքներ են:

Կարեւորութեամբ  պէտք է  նկատի առնել, որ քիչ մը բոլոր ոլորտներու մէջ որոշում տուող պատասխանատուներ՝ արհամարհեցին առողջ քննադատութիւնները, անտեսեցին  եւ կամ ընդդիմացան քաղաքակիրթ քննարկում ծաւալելուն, օգնող ձեռքերուն գործ տալու փոխարէն՝ զանոնք այլանդակօրէն պիտակաւորեցին: Աւելի’ն սակայն, յանդգնութիւնը չունեցան ընդունելու իրենց պատասխանատուութիւնը իրենց ձախողումներուն համար:   Մեծամտաբար մերժողական կեցուածքի մէջ բանտարկուած պահեցին իրենք զիրենք, ապիկարութեամբ եւ անհիմնօրէն մեղադրեցին բոլորը՝ նախկինները, «հակայեղափոխականները», քաղաքական ուժերը, եկեղեցիին, բոլո՛ր՝ բացի իրենցմէ:  Եւ ամէնէն անընդունելին ու հեգնականը Հ․Հ․ քաղաքացիներուն վրայ բարդեցին պատասխանատուութեան բեռը, սայլը տեղէն շարժելու որեւէ ցանկութիւն չունենալով:

Նախապայմանները, որոնք կ’երաշխաւորեն իշխանութեան մը յաջողութիւնը, այնքան ալ շատ չեն.  գաղափարական հենքի  վրայ գործնական եւ նպատակային ծրագիր, անոր յարիր կառոյց, հանրային աջակցութիւն եւ անպայման քաղաքական կամք: Երկու տարի առաջ ժողովրդական շարժման  բարձր ալիքի ելեւէջներուն բերումով  շատերուն համար մտածելի իսկ չէր թէ ներկայ  վարչախումբը այս նախապայմաններէն որը ունի եւ որը չունի: Ստուար զանգուածը  ընդունակ չէր ըմբռնելու, աւելի ճիշդը ընդունելու  նման պայմանականութիւն: Ժամանակը եկաւ միանշանակ ցոյց տալու, որ  իշխանութեան հասած նորեկները միայն հանրային աջակցութիւն կը վայելէին (թէ ինչպէ’ս, այդ արդէն ուրիշ պատմութիւն է): ժամանակը  նոյնպէս երեւան բերաւ,  անոնց աներեւակայելի ու անբացատրելի բարոյական եւ գաղափարական  սնակնկութիւնը. Այս իմաստով բազմաթիւ դրսեւորումները ապացոյցի  դեր կը կատարեն:  Այսպէս, թուելու համար ամէնէն ցայտուն երեւոյթները, ինքնապարգեւավճարներ, ազգային յաղթանակներու արժեզրկման փորձեր, ժողովուրդը կեղեքող եւ աշխատաւոր դասակարգին արդար քրտինքը կորզող համահարթ հարկային համակարգի ընդունում,  նախարարութիւններու  կրճատումներ եւ չափազանց զարհուրելին՝  թիւ մէկ դէմքի պարագային  մենատիրական սուր ախորժակի բացայայտ նկրտումներ:

Առ ի  եզրակացութիւն՝ հաստատե’նք. ներքին ժողովրդավարութեան բացակայութեան, գաղափարազուրկ խափանարար համոզումի արկայութեան,  անբարեխիղճ գործելաոճի տարածման եւ նոյնքան կործանարար հանրային եւ պետական դրամագլուխի անխնայ մսխումին  ի տես՝ որեւէ դրական ակնկալիք ունենալ այս իշխանութենէն, երազատեսութիւն է:

Սնամէջ գործելաոճէ  բացի  ոչինչ ապացուցող պոպուլիստները, գործ չունին մեր պետականութեան ղեկավարութեան սրբազան առաքելութեան մէջ: Իրատես մօտեցմամբ, զերծ մնալով զգացականութենէ, որ մանաւանդ սփիւռքահայերը կը համակէ՝ երբ Հայաստանին անդրադարձ կատարուի, հարկ է ընդունիլ որ նշեալ արատաւոր երեւոյթները եւ քաղաքական գործելատեսակի ընդունելիութիւնը շաղկապուած են երեսուն տարուան  բացթողումներուն եւ որոշակի թիւր ընթացքի մը հետ, եւ որ մէկ կամ երկու պետական պաշտօնեայի անատակութեան ու սխալներու արդիւնքը չեն: Բայց 2018 թուականի մեր ժողովուրդի արդար ցասումը մնաց ապարդիւն՝ արդար ընտրութիւններու ճամբով իշխանութեան հասած այս դեռահաս «գիտուն»-իկներուն եւ անոնց հպարտ «առաջնորդ»-ին ապիկար ղեկավարման պատճառով: Այս անհերքելի  իրողութիւնը, դժբախտաբար այլեւս  անջնջելի է  Հ․Հ․ անկախութեան տարեգրութենէն:

Բացասական իրավիճակային այս կացութեան մէջ, անասելի է Հայաստանի ազգաբնակչութեան կրած դժուարութիւնները, քանզի ամէն ինչին հետեւանքը առաջնայինը, դաժանօրէն կը զգան հայ աշխատաւոր եւ խոցելի խաւի ներկայացուցիչները: Մինչեւ ե՞րբ պէտք է ժամանակ տալ որեւէ իշխանութեան կատարելու հանրային շահի նպաստող իր պարտականութիւնը, որուն համար կը վճարուին Հայաստանի միջին աշխատավարձ ստացողէն վեցապատիկ-տասնապատիկ անգամներ: Այս հարցումին թող պատասխանեն բոլոր այն մոլորուած հոգիները, իշխանաւորի պաշտամունք  ունեցողները որոնք երեւի տակաւին սպասումներ ունին այս իշխանութիւններէն: Բայց քաւ լիցի: Ազնիւ մօտեցումներ ունեցող ոչ ոք,  կրնայ  աչք գոցել  կառավարման ճչացող  ապիկարութեան եւ ոլորտային բացթողումներուն ի տես, կամ արդարացնել  անոնց պատասխանատունները՝ յանուն  հաշիւի, անգիտութեան,  թէ  յանուն ոչինչի:

Անյապաղ անհրաժեշտութիւն է նոր որակի եւ հայութեան էութեան հետ համահունչ Ազգային Ժողովի մը ստեղծումը, որպէս հիմք Հայաստանի Սահմանադրական կառավարման համակարգին: Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները սահմանադրական եւ ժողովրդավարական ճիշդ ճանապարհն է լուծելու համար այս թնճուկը եւ միասնաբար լծուելու աշխատանքի: Դաշնակցութիւնը այս ուղղիով կը տեսնէ յառաջիկայ քաղաքական զարգացումները, որպէս արտացոլում հանրային լայնածաւալ դժգոհութեան:

Հայ ազգային արժեհամակարգի կրողն ու  անոր խարիսխը մեր պետութիւնն է, որուն իշխանութիւնները բոլոր ժամանակներուն ալ կոչուած են  հաւատարմօրէն  եւ հետեւողական կերպով  ապահովելու բոլոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնն ու բարեկեցութիւնը, շէնցնելու երկիրը, պաշտպանելու հայրենիքն ու  միաւորելու անոր բեկորները:   Պետութիւնը որեւէ  քաղաքական ուժի կամ անհատի մենաշնորհը չէ, եւ  բնաւ այդպէս պէտք չէ  ըլլայ: Սակայն  լոկ իշխանութիւններն են, որոնք պատասխանատու  են պետութեան զարգացման  կամ  անոր յետընթացին համար: Եւ անոնց   յաջողած կամ ձախողած  ըլլալը կ’որոշուի ճիշդ ա’յդ  չափորոշիչով: