Հայաստանի մէջ Արտադրուած Են 82 մմ Ականանետեր

Հայաստան

Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած է հայկական արտադրութեան ականանետերու լուսանկարներ:

 «Հպարտութեամբ արտադրուած է Հայաստանի մէջ»,- լուսանկարներուն կից գրած է նախարարը:

Նշենք, որ խօսքը 82 միլիմեթրանոց ականանետերու եւ անոնց համար նախատեսուած արկերու մասին է: