Համաճարակային Պատկերը Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ
Յունիս 25-ի դրութեամբ Հայաստանի Մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 22 488 պարագայ։ Վերջին մէկ օրուան մէջ վարակուած է 771 անձ, մահացած՝ 11 քաղաքացի։ Մահերուն ընդհանուր թիւը 397 է։
Իսկ վարակուած բայց
այլ հիւանդութենէն մահացածներուն ընդհանուր թիւը 131 է:
Վերջին մէկ օրուան մէջ առողջացածներուն թիւը 538 է, ընդհանուր առողջացածներունը`
11 335, փաստացի բուժուողներունը` 10 625: Մէկ օրուան մէջ քննուած է 2336 մարդ,
ընդհանուր առմամբ առ այսօր կատարուած է 102 736 քննութիւն:
Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` մինչ այսօր հաստատուած է 113, առողջացած է 77 անձ: Մեկուսացած է 65 քաղաքացի։ Արցախի մէջ մահուան դէպք չէ արձանագրուած։