Հայկական Զօրախումբը Մեկնած է Մոսկուա` Զօրահանդէսին Մասնակցելու Համար

Աշխարհ

Հայաստանի Զինուած ուժերու 75 հոգինոց զօրախումբը մեկնած է Մոսկուա` մասնակցելու Հայրենական մեծ պատերազմի յաղթանակի 75-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսին:

Մոսկուայի մէջ զինծառայողները այժմ կը մասնակցին համատեղ նախապատրաստական մարզումներու կը հաղորդեն պաշտպանութեան նախարարութենէն:

 Զօրահանդէսը Կարմիր հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Յունիս 24-ին` Մայիս 9-ին փոխարէն: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հաստատած է, որ ներկայ պիտի գտնուի զօրահանդէսին: