Լիբանանահայը Լիիրաւ Լիբանանցի Քաղաքացի Է, Եւ Ասիկա Սակարկելի Չէ՛

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Աղազարեան

«Լիբանանի մէջ հայ համայնքը դրական
դերակատարութիւն ունեցած է երկրին
բարօրութեան եւ բարգաւաճման»:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ

Պատմաբաններ, ցեղասպանագէտներ եւ պատմագէտներ իրենց ուսումնասիրութեան, եզրայանգումներուն եւ վկայութեան համար վստահաբար կը կառչին պատմութեան` իբրեւ փաստավաւերագրական տուեալ եւ սկզբնաղբիւր: Ըստ կարգ մը տեսակէտներու, Լիբանան երբեմն նաեւ ընդգրկուած է հայոց պատմութեան մէջ, որովհետեւ հայեր վաղնջական շրջանէն (նախքան Քրիստոս եւ Քրիստոսէ ետք) կայք հաստատած են եւ ձուլուած տեղւոյն բնիկ ժողովուրդին հետ: Ըստ հռոմէական պատմիչներու, հայ առեւտրականները ( ՔԱ 4-էն  3-րդ դար) Սիդոնի (Սայտա) եւ Տիւրոսի (Սուր) շրջաններու շուկաներուն մէջ բերած են Հայաստանի գինին, մրգեղէնը, որդան կարմիրը եւ այլ ապրանքներ, իսկ Տիգրան Մեծ (ՔԱ 95 -55) մեծ թիւով հայեր վերաբնակեցուցած է Ասորիքի եւ անոր յարող փիւնիկեան տարածքներուն մէջ: Միջին դարերուն Լիբանանի մէջ հայերը հաստատուած են տակաւին սելճուքեան արշաւանքներու ժամանակաշրջանին (11-12-րդ դար), երբ Կիլիկիայէն հայեր գաղթած են Ասորիք եւ Լիբանան: Լիբանանի Թրիփոլի եւ Սայտա քաղաքներուն մէջ յիշուած են հայկական համայնքներ  (12-13-րդ դար), որոնք Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք աւելի ստուարացած են: Խաչակիրները նոյն շրջանին Լիբանանի մէջ հանդիպած են  հայ բնակավայրերու, որոնք հաւանաբար աւելի ուշ ձուլուած են մարոնիներու հետ: Հայերուն դէպի Լիբանան հոսքը հրապուրած է ե՛ւ բնիկներու բարեացակամութիւնը, ե՛ւ ինքնավարութեան հաստատումը (ինչպէս նաեւ վարչակառավարման մարմինի մէջ հայերու ներկայութիւնը): Հայերու Լիբանան հոսքը շարունակուած է նաեւ 17-րդ դարէն մինչեւ  19-րդ դարու կէսը, երբ մարոնի աւատատէրերը` ամրապնդելու համար կիսանկախութեան իրենց յենարանները,  ապաստան տուած են օսմանեան լուծէն փախչող քրիստոնեաներուն: 1721-ին հայ կաթողիկէ Անտոնեան միաբանութիւնը Լիբանանի Ղոսթա գիւղի մօտ կառուցած է Քրէյմի Ամենափրկչի վանքը, իսկ  1749-ին Աբրահամ Պետրոս Ա. Արծիւեան հայ կաթողիկէ առաջին կաթողիկոսին հրամանով, կառուցուած է Զմմառու հայ կաթողիկէ վանքը:  Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին արդէն ստուար թիւով հայեր ապրած են Պէյրութի մէջ:

Հետագային Կիլիկիայէն, Եղեռնէն ճողոպրած հազարաւոր հայեր ապաստան գտած են Լիբանան եւ հիմնած հայկական նոր ու հոծ գաղութ մը: Գաղթի վերջին մեծ ալիքը 1939-ին տեղի ունեցաւ, երբ Ալեքսանտրէթի Սանճաքէն հազարաւոր հայ գաղթականներ Լիբանան եկան: Այնուհետեւ հայերը ապրեցան վրանաքաղաքներու մէջ եւ շարք մը արհեստներ  զարգացուցին ու հայաբնակ շրջանները վերածեցին բարգաւաճ ու արդիական բնակավայրերու:

Այսօր Լիբանանի մէջ հայերը իրենց կշիռը ունին եւ, իբրեւ Լիբանանի եօթը կարեւոր համայնքներէն մէկը, իրենց արդար իրաւունքները ունին եւ կ՛ապրին իբրեւ պարկեշտ ու լիիրաւ քաղաքացիներ:

Այս ներածականը իբրեւ փաստավաւերագրական տուեալ ուզեցի մէջբերել` անդրադառնալու համար քանի մը օր առաջ (10 յունիս 2020) Լիբանանի պատկերասփիւռի «Նիու. Թի. Վի.» կայանէն սփռուած «Անա հէյք» յայտագիրին, որուն ընթացքին լիբանանահայ յայտնի հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեան հիւրընկալած էր Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը: Այս հաղորդման ժամանակ հաղորդավարը ընկերային ցանցերու  ճամբով ցեխարձակման ենթարկուեցաւ, երբ գրառում ուղարկողը Նշանը որակեց իբրեւ գաղթական, ծայրայեղ եւ անոր վերագրեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը օսմանցի աղուէս կոչելը:

Բնական է, որ այս նամակը վրդովեցուց դարաւոր հարուստ պատմութիւն ունեցող եւ ջարդէն ճողոպրած վերապրած հայու մը, այս պարագային հայ հաղորդավար Նշանին սիրտը: Անգամ մը եւս հայու արիւնը եռաց անոր երակներուն մէջ, եւ տեղւոյն վրայ իր հակազդեցութիւնը պոռթկումի ճամբով կարծես անգամ մը եւս աշխարհին ուզեց յիշեցնել, որ մենք` լիբանանահայերս եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներու մէջ ապրող հայերս արդար դատ ունինք եւ միշտ պահանջատէր ենք: Նշան Տէր Յարութիւնեանի այս հակազդեցութիւնը Դիմատետրի վրայ մեծ աղմուկ բարձրացուց, եւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ, այսպէս կոչուած,  օսմանցի լիբանանցի զանգուածներուն կողմէ` ընդդէմ լիբանանեան «Նիու. Թի. Վի.» կայանին եւ հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեանին:

Բնականաբար այս բողոքի ալիքն ու ամբողջ բեմագրութիւնը թրքական սադրանքի արդիւնք էր: Յայտագիրի ընթացքին արդէն Ուիամ Ուահապ անդրադարձաւ եւ նշեց, որ Թուրքիան յատկապէս Լիբանանի քաղաքական կեանքին կ՛ուզէ միջամտել եւ իր կշիռը ունենալ:

Այս հակահայ շարժումին նպատակն է նաեւ միջհամայնքային խլրտում ստեղծել հակահայ քարոզչութեան ճամբով: Այս առումով արդէն ընթացքի մէջ եղող հայ-արաբ փաստաբաններու միութիւնը եւ Լիբանանի պատկան մարմինները հարկն ու պատշաճը կը տնօրինեն` կանխելու համար նմանօրինակ թակարդ մը: Մեզի կը մնայ աւելի զգօն ըլլալ, չազդուիլ այսպէս կոչուած  Մարտինցիներու արաբ-լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահին արտայայտութիւններէն, որոնք ոչ մէկ ձեւով իրականութեան կը համապատասխանեն, զօրավիգ կանգնիլ հայազգի հաղորդավար Նշան Տէր Յարութիւնեանին եւ հայութեան անունը բարձր պահել սփիւռքի եւ յատկապէս մայրիներու երկիր Լիբանանի մէջ: