Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութիւն Իրականացնող 4-րդ Խումբի Սակրաւորները Մայիսին 17,471 քմ Ականապատ Տարածք Ականազերծած են

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող 4-րդ խումբի սակրաւորները, Մայիսին, ականազերծած են 17,471 քառակուսի մեթր ականապատ տարածք, որուն ընթացքին յայտնաբերուած են կազի շիշի կիրառումով ինքնաշէն արկեր, 18 հատ ՊՄՆ-2 տեսակի հակահետեւակային ականներ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հումանիտար ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն։

Այսպիսով, առաքելութեան առաջին իսկ օրէն ականազերծուած է ընդհանուր 170,209 քառակուսի մեթր, որմէ սուրիական իշխանութիւններուն հաւաստագրերով յանձնուած է 142,000 քառակուսի մեթր:

4-րդ խումբի բժիշկները, Մայիսին, համաճարակային սահմանափակումներու պայմաններով, բուժօգնութիւն ցուցաբերած են 549 տեղաբնակի: Այսպիսով, Հայաստանի մարդասիրական խումբը 2019 Փետրուարէն մինչեւ օրս բուժօգնութիւն ցուցաբերած է ընդհանուր 12,584 հիւանդի:

Միեւնոյն ժամանակ, Յունիս 1-ին, Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբի մասնագէտները Հալէպի ազգային պատսպարանի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑ-ին եւ Հայ համայնքի մանկատան փոխանցած են «Մի բուռ ժպիտ» խորագիրը կրող շարժման ընթացքին հաւաքուած նուէրները: