Հասիչէի Մէջ Յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 102-ամեակը

Սփիւռք

Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ի առաւօտուն, հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Գանձասար»-էն։

Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան:

Յընթացս Ս. Պատարագին տեղի ունեցաւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն: