Սփիւռք(ներ)ը Եւ Հայաստան Կը Վերականգնե՞ն Վերադարձի Եւ Միացման Ազգի Իրա՛ւ Առաջադրանքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան 

            Սփիւռք(ներ)ը տեսականօրէն հայ ազգի հատուած է, թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ հատուած էր թերեւսՀատել բային իրաւ իմաստով:

            Երբ սփիւռք(ներ) կը մտածենք, ի՞նչ է մեր պատկերացումը. համրա՞նք, զանգուա՞ծ, ծագո՞ւմ, ինքնութի՞ւն, ազգի մը պատկանելիութեան յատկանիշնե՞ր, ընկերային կեանք: Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի հայութիւններ ինչպէ՞ս կ’ըմբռնեն իրենց մէկութիւնը, ան ոմանց երազային ցանկութի՞ւնն է, թէ կը համապատասխանէ ընկերամշակութային, տնտեսաքաղաքական եւ տեսական-իմաստասիրական հասարակաց ըմբռնումի մը:

            Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման յաջորդած տասնամեակներուն, գաղթական դարձած զանգուածները իրենց կացութիւնը կը համարէին ժամանակաւոր: Դեռ ազգի մարմնին մէջ էին, քանի որ կը սպասէին վերադարձը իրենց հողերուն վրայ: Այդ յոյսին վերջին փայլատակումը եղաւ երկրորդ աշխարահամարտի աւարտին կազմակերպուած ներգաղթը, զանգուածային կերպով իրենց գաղթականի վիճակին անդրադարձող եւ զայն բնազդաբար մերժող զանգուածներէն մաս մը վերադարձաւ հայրենիք:

            Ներգաղթի ձախողութիւնը չնպաստեց մէկութեան գաղափարախօսութեան զարգացման եւ ամրացման: Արտաղթած ներգաղթողի մը համար, քաղաքապետ մը ըսաւ, որ ան վերադարձաւ իր հայրենիքը: Այս արտայայտութիւնը մեզ կը դնէ հարցականի մը առջեւ. ի՞նչ է հայրենիքը անհատին եւ հաւաքականութեան համար: Գերաճող սփիւռք(ներ)ը ինչպէ՞ս կը պատասխանէ այս հարցումին, պատասխան՝ որ չըլլայ բեմական յուզում կամ շահարկումներու կարգախօս:

            Պարտք պէտք է համարենք մենք մեզի հարց տալ եւ ապա պատասխանել. Սփիւռք(ներ)ը, եւ ընդհանրապէս հայը, ինչպէ՞ս կ’ըմբռնեն հայրենիքը: Կամ ի՞նչ է հայրենիքը սփիւռք(ներ)ի հայուն եւ հայերուն համար: Ան սոսկ անցեալի եւ յիշատակի սրբապատկե՞ր մըն է: Ինքնութեան պատուանդա՞ն եւ քաղաքական յանձնառութի՞ւն, թէ՞ ընտանեկան-գերդաստանական հետզհետէ աղօտող յիշատակ-պատկեր, բոլորովին չայլացածներուն համար ինքնահաստատման փո՞րձ է, որ կ’արտայայտուի դատարկ տարազներով. զգացումով հայհայրս հայ էր, մեծ հայրս եկեղեցի շինել տուած է, հարիւր տոկոսով հայ եւ հայ՝ այս կամ այն տոկոսով:

            Ազգ եւ հայրենիք պատկանելիութիւն եւ տիրութիւն կ’ենթադրեն, իրարմով կ’ամբողջանան:

Հայրենիքը հայրենիքն է ինքնութիւն ունեցող ժողովուրդի մը:

Ազգը կը յատկանշուի իր ինքնութեամբ, որ խտացումն է ստորոգելիներու:

            Երկրի մը մէջ գաղթական, ապաստանեալ, այցելու, ժամանակաւոր աշխատող տարբեր ժողովուրդի մը անդամին համար իր նոր բնակավայրը,- որ նաեւ տրամաբանակօրէն ժամանակաւոր է,- հայրենիք չէ: Հայրենիքի ըմբռնումը, գաղթականական ալիքներու եւ բնակավայրի քաղաքացիութեան ստացման բերումով, արմատապէս փոխուած է: Միացեալ Նահանգներ կամ Ֆրանսա ապաստանած եւ հաստատուած Վիէթնամցիին հայրենիքը Վիէթնամ է, իր լեզուով, մշակոյթով, պատմութեամբ, բարքերով: Օրինակ էր: Երբ վիէթնամցիին համար, աստիճանաբար, կեանքի եւ մշակոյթի լեզու կը դառնայ ամերիկերէնը, երբ ան կ’ընդգրկուի այդ երկրի ընթացող պատմութիւն-քաղաքականութեան մէջ, կը պատշաճի բարքերուն, ծագման ինքնութիւնը կը տժգունի, տեղի կու տայ, կը ծնի նոր ինքնութիւն:

            Քանի յառաջանայ այս ընթացքը, բնակավայրը կը դառնայ հայրենիք, ուր այս կամ այն ձեւով ապաստանած անձը պիտի արտադրէ, աշխատի, հոգեպէս հարստանայ եւ հարստացնէ քաղաքացին, մանաւանդ դառնալով բնակավայր երկրի քաղաքացի, ան կ’ընդունի պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ: Եւ քանի մը սերունդ ետք բնակավայրը կ’ըլլայ միակ հայրենիք, ծագման հայրենիքը, բախտաւոր պարագային, ընտանեկան-գերդաստանական յիշատակարան (լուսանկարներ, հրատարակութիւններու մէջ անուան յիշեցումներ):

            Այսքանը՝ հողային տարածք հայրենիքի մասին:

            Կան նաեւ ազգի մը պատկանելիութիւնը բնորոշող ստորոգելիներ, զորս անտեսել եւ շրջանցել պատեհապաշտութիւն է, նոյնքան վատ՝ մարդորսութիւն, որ կը ծառայէ այլ շահախնդրութիւններու, հետեւորդ ունենալու եւ դիրքեր ապահովելու:

Ազգի անդամը ինքզինք կ’իրականացնէ, առաջին հերթին, իր ազգային հայրենիքին մէջ, ուր թաւալած է իր ազգային պատմութիւնը, ուր թաղուած են իր նախնիները, որոնց շարունակութիւնն է ինք, զոր պէտք է պաշպանէ եւ զարգացնէ իր յաջորդներուն համար, որպէսզի մնայ եւ անոնք մնան պատմութեան բեմին վրայ: Մինչեւ այն ատեն, որ բնակավայրը ժամանակաւոր է, ազգային հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութիւնը եւ ծառայութիւնը, անոր պաշտպանութիւնը, բնական պարտականութիւն են, ընկերաքաղաքական եւ մշակութատնտեսական մարզերէ ներս: Այսինքն՝ անձը դեռ օտարուած չ’ըլլար:

            Ազգի անդամութիւնը գեղօր չէ: Մեր պարագային չի բաւեր ըսել, որ հայ եմմկրտութեամբ, զգացումով, նոյնիսկ լեզուով: Հայագէտ օտարներ եղած են եւ կան, բայց անոնք հայ չեն:  Ազգի անդամութիւնը կ’ենթադրէ յանձնառութիւն եւ պարտաւորութիւններ: Այսօր ճառերու մէջ յիշուած, ճիշդ կամ ուռեցուած, սփիւռք(ներ)ի տասը կամ աւելի միլիոնի ո՞ր տոկոսը իրապէս յանձնառութիւն եւ պարտաւորութիւն կը զգայ Հայաստանի նկատմամբ (Հանրապետութեան, Արցախի եւ բռնագրուած աշխարհի): Բարեսիրութիւն եւ բարերարութիւն հրաժարումներու խիղճի խայթ կը մեղմացնեն, բայց ազգի անդամի ծառայի եւ տիրոջ հարց չեն լուծեր:

Միլիոններով գնահատուող սփիւռք(ներ)ը եւ միլիոնով գնահատուող հայրենիք լքող-արտագաղթողները ինչպէ՞ս պահել ազգին մէջ: Անոնց ո՞ր տոկոսը կարելի է պահել ազգին մէջ, ո՞ր տոկոսը արդէն այլացած է:

            Այսօր համահայկական-համազգային ազգապահպան ի՞նչ ռազմավարութիւն ունին Հայաստանի եւ նոյնինքն սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները: Այս հաստատումը չ’ենթադրեր, որ ճիգեր եւ նախաձեռնութիւններ չկան, կան, բայց անոնք մասնակի են, եզակի պարագաներ են: Ազգային ղեկավարումը զանգուածը նկատի պիտի ունենայ, եւ այդպէս չէ: Համրանքի տարտղնումը, տոկալու եւ տեւելու ուժի նուազում է: Այս գիտակցութենէն մեկնելով, ի՞նչ կ’ընեն եւ ի՞նչ պէտք է ընեն Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները ինքնութեան պահպանման, անոր յաջորդող յանձնառութեան, հայրենատիրութեան եւ հայրենադարձութեան համար: Պէտք է միշտ կրկնել, որ եթէ պիտի տոկանք եւ տեւենք, պէտք է գործել զանգուածին համար եւ անոր հետ: Այսինքն չգոհանալ շլացուցուցիչով, երեւելիութեամբ, ընտրանիով:

            Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները, այսօ՛ր, ազգի եւ հայրենիքի հզօրացման հայրենադարձութեան համապարփակ ծրագիր ունի՞ն, թէ կը գոհանանք բացառութիւններով եւ միաւորներով: Այս ազգային հիմնախնդիրը տեսական մարզանք չէ: Տուրիզմ կազմակերպելու զգացական-առեւտրային բաւականութիւնները չեն փոխարիներ հայրենատիրութիւնը եւ հայրենադարձութիւնը: Փաստը այն է, որ սփիւռք(ներ)ի հայերը իրենց իրաւ կամ սուտ հանգստաւէտութիւնը չեն ուզեր կորսնցնել, իսկ Հայաստանի դիւանակալութիւնը, իր կարգին, չի դիւրացներ հայրենադարձութիւնը, մաքսային, լեզուական եւ աշխատանքի դժուարութիւնները հարթելով:

            Հեռանկար ունեցող ղեկավարութիւնները, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հայրենադարձութեան քաղաքականութիւն չունին: Բացառիկ պարագաները կանոն չեն: Հոգեշահ եւ աւուր պատշաճի ճառերը ապագայակերտ չեն:

            Դժբախտաբար, ինչպէս յաճախ կ’ըսեմ, մտածողները որոշողները չեն, անոնք միջոցները չունին նախաձեռնելու: Այս ըմբռնումով ալ, մտաւորականութիւնը, ներսը եւ դուրսը, տեւաբար պէտք է արծարծէ այս խնդիրը, որպէսզի ենթադրուած միլիոնները օր մը չդառնան սոսկ ծագումով հայեր, Էյֆէլի աշտարակէն եւ Մանհաթթանէն չդիտեն Արարատը  եւ յուզուին յիշելով Յովհաննէս Թումանեանը, որ այդ լերան ձիւնապատ գագաթէն դարեր անցած են…

            Երբ դարերը անցնին, Էյֆէլի Աշտարակէն կամ Մանհաթթանէն յուզուելով Արարատ դիտողներ եւ Թումանեան յիշողներ պիտի մնա՞ն: Ժամանակ ազդակը անգութ է:

            Այսօր անգամ, ի՞նչ կրնանք ըսել միլիոններով ենթադրուող սփիւռք(ներ)ի մասին: Մինչեւ ե՞րբ կրնանք օրօրուիլ համաշխարհային ազգ ըլլալու դատարկաբանութեամբ, քաղքենիական կամ քաղաքական տուրիզմով:

Ո՞ւր, ե՞րբ եւ որոնք պիտի խօսին այս հարցերու մասին, պիտի եզրակացնեն ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի այլ յաւելեալ պարտքի ըմբռնումով, եւ գործադրեն իրաւ մէկութեան քաղաքականութիւն:

            Նոյնիսկ եթէ անհաճոյ է ըսել եւ լսել. այսօր կա՞յ ազգի իրաւ մէկութեան քաղաքականութիւն:

Ինչո՞ւ չկայ: Կրնա՞նք ունենալ:

            ՄԷԿՈՒԹԻՒՆը պէտք է հասկնալ, մերժել կամ ընդունիլ, ըստ այնմ ծրագրել եւ գործել: Հայ ժողովուրդը ցեղ չէ,- զուտ կամ անխարդախ ցեղ գոյութիւն չունի,- ան պատմութիւն է, որ յայտնուած եւ տեւած է ժամանակի գիծին վրայ, քանի որ մարդիկ, հաւաքականութիւններ, հակառակ ճնշումներու, պատերազմներու եւ ամէն կարգի անպատեհութիւններու, շարունակած են ապրիլ նոյն հողին վրայ, միասին ըլլալու կամք ցուցաբերած են: Այդ կամքին արտայայտութիւնները եղած են ժառանգուած հող-հայրենիքը, լեզուն, մշակոյթը, կրօնական պատկանելիութիւնը, հասարակաց յիշողութիւնը, որոնք՝ համագումար՝ կը կազմեն ինքնութիւն:

            Հայրենիքը աշխատանքի, արտադրութեան ենթակառոյցն է, նաեւ հոն թաւալած կեանքի, անհատները միացնող յիշողութիւններու եւ արժէքներու գանձարանը, որ ներկան կը դարձնէ յաջորդ, ժառանգորդ, շարունակութիւն:

            Պատշաճեցումներու եւ մարդորսական ճապկումներու հետեւելով մէկութեան հզօր ազդակ լեզուն երբ կ’աղաւաղենք կամ պարզապէս կը լքենք, կը կորսնցնենք միասին ըլլալու կամքը, մէկութիւնը կը տարտղնուի:

Միասին ըլլալու եւ ժառանգութեան տէր մնալու հաւաքական կամքը ազգի գոյացման հիմնարար ազդակ է: Անհատը հաւաքականութեան մէջ կ’անցնի կազմաւորման հանգրուաններէ, սորվելով, գործակցելով, աշխատանքով, մասնակցելով, ստեղծելով: Այդպէս են նաեւ ազգերը, անոնք են ինչ որ ըրած են մարդիկ, անցնելով հաւաքական կեանքի եւ աշխատանքի դիւրին-դժուար ուղիներէ, ինչ որ ըրած են կտակած են յաջորդներու: Այս պատճառով ալ, անցեալին եւ այսօր ժողովուրդներ կը պահեն նախնիներու վառ յիշատակը, նոյնիսկ՝ պաշտամունքըոր շարունակութիւն ըլլալու գիտակցութիւն կը ստեղծէ: Մտածել «քաջ Վարդան»ի, «Սասունցի Դաւիթ»ի, «Մեսրոպ Մաշտոց»ի, «Անդրանիկ»ի մասին, որոնք խորհրդանիշ են, որոնց մէջ կը գտնենք մենք մեզ:

            Նախնիները կաղապարած են մեզ որպէս ինքնութիւն, իմաստաւորած են հողային տարածքը՝ զոր կը կոչենք հայրենիք: Անոնց հաւաքական ճիգերու, զոհողութիւններու եւ աշխատանքի արդիւնքն ենք մենք եւ մեր ներկան: Յանկարծ յայտնուած գոյութիւններ չենք, ինչպէս երկինքէն իջած մանանան: Հայրենիքը հաւաքական տուն է, եւ զայն կը սիրենք, անոր տէր պէտք է կանգնիլ, ինչպէս այդ կ’ընենք սեփական տան համար: Յաւելեալ յանձնառութեամբ. ան նախնիներու եւ մեր յաջորդներու տունն է, գաղթականի, վաչկատունի, թափառաշրջիկի բնակարան չէ, վարձու սենեակ չէ:

            Երբեմն կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ դեռ հայեր, ոչ ամէնքը, միասին եւ մէկ ըլլալու ցանկութիւն ունին, նոյնիսկ երբ կը մնան զգացական ոլորտի մէջ. միասին կը մնանք, քանի որ մեր ինքնութիւնը կառուցուած է նաեւ հաւաքական տառապանքի մը վէմին վրայ:

            Այս միասին ըլլալու, մէկութիւն ամրացնելու, յիշողութիւն պահելու, հայրենքին ներկայութեա՛մբ տէր ըլլալու գիտակցութիւնը եւ յանձնառութիւնը հաւաքականութիւններուն սեփականութիւնը դարձնելու աշխատանքը ղեկավարութիւններուն եւ մտաւորականութեան առաքելութիւնն է:

Ընդդէմ քաղքենիական պատշաճեցումներու եւ սպառղական ընկերութեան մէջ համաշխարհային ազգ ըլլալու դատարկաբանութեան: Հայաստան պիտի ըսեն՝ իլլուզիայի:

            Այսինքն՝ մէկութիւն, հայրենատիրութիւն, հայրենադարձութիւն:

            Այս ազգային-քաղաքական արժէքներու հիման վրայ պէտք է յառաջացնել ղեկավարութիւն եւ վստահութիւն յայտնել:

Ներսը եւ դուրսը: