Էջմիածինի Մայր Տաճարին Մէջ Բժիշկներու Օրհնութեան Կարգ Պիտի Կատարուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, Յունիս 3-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, պիտի կատարուի բժիշկներու օրհնութեան կարգ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

Այս առիթով դուրս պիտի բերուի Մայր Աթոռին մէջ պահուող Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչի մասունքակիր Աջը։

Օրհնութեան արարողութեան ուղիղ եթերով հնարաւոր է հետեւիլ ժամը 19։00-էն, Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի Facebook-ի էջերով եւ «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան եթերով։