Ակնարկ. «Երազ Մը Ունիմ»-էն Մինչեւ «Չեմ Կրնար Շնչել» Կամ` Աջի Եւ Ձախի Պայքարի Վերադարձը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Մինիափոլիսի դէպքը արագօրէն դուրս եկաւ Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն եւ յայտնուեցաւ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին: Կը թուէր, որ Մարթին Լութըր Քինկով սկսած ցեղերու իրաւահաւասարութեան շարժումը շատ ճամբայ կտրած է եւ խտրականութիւնը սահմանադրութեամբ, օրէնքով եւ քաղաքական թէ հասարակական-ընկերային մարզերու մէջ հիմնովին չէզոքացուցած: Սպիտակ-սեւի բաժանարար գիծերը ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլ նաեւ աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ վաղուց ջնջուած կը թուէին ըլլալ:

Աշխարհաքաղաքական ժամանակակից գործընթացներու հետեւանքներէն կարելի է նկատել աջակողմեան կուսակցութիւններու թեքումը դէպի ծայրայեղ աջի, ազգայնականի, չըսելու համար ցեղապաշտականի: Տարբեր դրսեւորումներ, տարբեր քաղաքական միջավայրերու մէջ կրնան ունենալ նաեւ իրենց ընտրական ազդեցութիւնները: Հասարակական մակարդակի վրայ երեւցող ծայրայեղականութիւնները վերափոխուեցան ընտրական կարգախօսներու եւ յաճախ եւրոպական քաղաքներու մէջ նման ցեղապաշտական առաջադրանքներ պաշտօնական բնոյթ ստացան եւ արդիւնաւորուեցան քուէահաւաքի առումով:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր հռետորաբանութեամբ, անհանդուրժողական ոճով, գերակայութեան տեսութիւններու յաճախակի օգտագործումով զարկ տուաւ խտրականութեան մօտեցումներուն: Հրահրումները ձեւաւորեցին որոշ ենթահող եւ հրաբուխ նախապատրաստող լաւաները ընդյատակեայ ցնցումներ սկսան յառաջացնել:

Հակախտրական երազները, որոնք դարձած էին հասարակական առաջադրանք եւ գործնական տեսք ստացած օրէնքի եւ մտայնութեան ու մշակոյթի ուղղութիւններով կանգ առին կարծէք: Ո՛չ միայն կանգ առին, այլեւ հսկայական քայլերով մեծ ետդարձներ կատարեցին:

Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը պարզապէս ժայթքեցուց հրաբուխը: Խնդիրը շատ արագ տեղափոխուեցաւ սեւի ու սպիտակի աւանդական մօտեցումին: Ամերիկեան լրատուադաշտը նպաստեց հրաբուխի բորբոքումներուն: «Սեւամորթ մարդիկ կը մեռնին Ամերիկայի մէջ» վերտառութիւնը օրերէ ի վեր չ՛իջներ ամերիկեան լրատուամիջոցներու պաստառներէն թէ լրատուական նիւթերու առաջին հորիզոնականներէն:

Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ նման միջադէպ մը ընտրութիւններու նախօրեակին լիարժէք օգտագործուէր գործող նախագահի մրցակից ուժին կողմէ: Ընտրական մրցավազքերու մէջ օրինաչափ երեւոյթ են նման քաղաքականացումները: Խնդիրը ցեղային հէնքի վրայ կատարուած արագ բեւեռացումն է, որ կը համոզէ դիպաշարին հետեւողը, թէ ո՛չ սահմանադրութիւնը, ո՛չ օրէնսդրական դաշտը, ո՛չ ալ ափրիկեան ծագումով Ամերիկայի քաղաքացիներուն զանգուածային ընդգրկումը ամերիկեան հասարակութեան թէ պետական համակարգին ի սպառ չէզոքացուցած է սեւ ու սպիտակի աւանդական հակամարտութիւնը:

Հիմա հարցը Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն ալ դուրս եկած է եւ ներգրաւած եւրոպական կարգ մը երկիրներ: Սեւերու պաշտպանութեան շարժումը կը ծաւալի ո՛չ միայն ամերիկեան նահանգներուն, այլ նաեւ Ամերիկայէն դուրս եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ:

Համաշխարհային գիւղը (կլոպըլ վիլլէյճը) կը թուէր, որ իբրեւ բնակիչ ունի համաշխարհաքաղաքացիներ, որոնք բաց համակարգի մէջ կապ, յարաբերութիւն, գործընկերութիւն, ամուսնութիւն կը հաստատէին թէկուզ վիրթուալ տարածքներու վրայ: Այս մեծ ետդարձը ընդգծեց, որ Մարթին Լութըր Քինկի երազը տակաւին չէ իրականացած:

Սեւերու պաշտպանութեան շարժումը կ՛ենթարկուի անշուշտ քաղաքական վերափոխումներու: Դասակարգային շերտաւորումներ ստանալով տեղ-տեղ կը վերածուի աշխատաւոր եւ դրամատէր դասակարգի միջեւ պայքարի, այլ տեղ ընդհանուր հաշուով հանրապետական-դեմոկրատական ամերիկեան դասական պայքարին: Իսկ համաշխարհային տարողութիւն ստանալու պարագային` աջի եւ ձախի դասական հակադրութեան:

Կանուխ է հաւանաբար բանավիճային խօսոյթի վերածելը` նոր աշխարհակարգը կրնա՞յ վերափոխուած կամ դիմափոխուած ձեւով վերադարձնել դասական գաղափարաբանութեան հիման վրայ աջի եւ ձախի ուղղութիւնները: Երազը չէ կատարուած. այդ պատճառով ալ անշնչելի դարձած է ապագաղափարականացուած աշխարհը: