Նէոս Գոզմոսի Մէջ Հանրապետական Մաղթանք՝ ՀՀ 1918-ի Անկախութեան Տարեդարձին Առիթով

Հայաստան, Սփիւռք

Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ի առաւօտեան, Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս) Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ եւ Հանրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրպետութեան 1918-ի Անկախութեան տարեդարձին առիթով: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը հաղորդեն Յունաստանի իր աղբիւրները։

Պատարագեց եւ Հանրապետական Մաղթանքը կատարեց, շրջանիս հոգեւոր հովիւ` Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան՝ իր կողքին ունենալով բարեշնորհ Լեւոն Սրկ. Ունանեան եւ դպիր Գրիգոր Ունանեան, որոնք սպասարկեցին Ս. Խորանին Սարկաւագութեամբ, բուրվառով եւ ընթեցումներ կատարելով։ Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյս կամաւոր եւ նուիրեալ Դպրաց Դասին կողմէ խմբավարութեամբ եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ, միշտ սիրահոժար եւ ծառայասէր երաժիշտ` պրն. Կարօ Պարտաքճեանի։

Յանուն Թեմիս Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի եւ Ազգ. Վարչութեան, արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ պրն. Արամ Պէքերէճեան, շրջանիս Թաղային Խորհուրդի եւ Տիկնանց Մարմնոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ նման առիթներու հաւատարիմ ազգայիններ եւ ծխականներ: