Գամիշլիի Մէջ Յիշատակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 102-ամեակը

Հայաստան, Սփիւռք

«Զգոյշ, Հայաստանի պահպանումը մեր ժողովուրդին համար գերագոյն սրբութիւն պէտք է դառնայ»

Մեկնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի այս խորիմաստ պատգամէն եւ համախմբուելով եռագոյն դրօշին շուրջ, Կիրակի, 31 Մայիս 2020-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ՝ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, որուն ընթացքին յիշատակուեցան Մայիսեան լուսաճաճանչ յաղթանակները։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Բժշկհ. Մարի Մելքոնեան։

Օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղեց հոգեշնորհ հայր սուրբը, որ ըսաւ. «Հայաստանի անկախութեան կերտումը մայիսեան դիւցազնամարտերուն ընդմէջէն, հայոց պատմութեան մեծագոյն անկիւնադարձն է, մահէն ի կեանք կամարուած անկրկնելի շրջադարձն է ան անտարակոյս։Մայիսեան դիւցազները հերոսաբար կռուեցան, պայքարեցան հաստատակամօրէն՝ արեան գնով կերտելու անկախութիւնը , Հայաստանի առաջին անկախութեան կերտումը միայն մեր անցեալի փառքը չէ, այլեւ մեր ընդհանրական պայքարի նշանակէտն է։ Հայրենիք կերտեցինք, որուն սահմանները գծուեցան մէկուկէս միլիոն նահատակներու եւ անհամար հերոսներու արիւնով»:

Յընթացս Սուրբ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի օրհնութիւն, ապա մայիսեան նահատակներուն հոգեհանգստեան պաշտօն։ Աւարտին հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած հետեւեցաւ հոգեշնորհ հայր սուրբին եւ ազգային իշխանութեան, որոնք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին եւ սկաուտութեան միանալով ուղղուեցան դէպի առաջնորդարանի շրջափակ, նահատակներու յուշաքարին դիմաց զետեղելու ծաղկեպսակը, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգային երգերով ոգեւորեց ներկաները։