Հրապարակուեցան Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ֆիլմը Եւ Անոր Երաժշտութիւնը

Սփիւռք

Ամերիկահայ յօրինող եւ երաժշտութեան արտադրութեան «Եսեան» հիմնարկի հիմնադիր Տեն Եսեանի կողմէ յօրինուած եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած համանուագին ոդիսականը պատմուող «An Armenian Trilogy» («Հայկական Եռերգութիւն Մը») ֆիլմը եւ անոր երաժշտութիւնը արդէն իսկ համացանցի շարք մը կայքերու վրայ հրապարակ հանուած են։

0529Dan_Yessian

Տեն Եսեան

Գլխաւորաբար պատկերասփիւռի յայտագիրներու եւ ծանուցումներու համար երաժշտութիւն յօրինող Եսեան այս քայլին դիմած էր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ստեղծագործութիւն մը յօրինելու իր եկեղեցւոյ տէր հօր խնդրանքին ընդառաջելով։ Ան նախ յօրինած էր երեք մասով եւ միայն դաշնակով ու ջութակով նուագուող գործ մը, զոր աւելի ուշ վերածեց 91 գործիքներով ներկայացուող ստեղծագործութեան մը, որուն անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցաւ 2017ին, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուախագումբին կատարողութեամբ։

Յաւելալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://armeniantrilogy.com/ կայքը։