Կրթուած, Իրազեկ ու Իրար Յարգանքով Վերաբերող Երեխաները Մեր Ապագան Են. ՀՀ ՄԻՊ Շնորհաւորական Ուղերձը Երեխաներուն

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգայն օրուան առիթով։ 

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը ուղերձը կը ներկայացնէ արեւմտահայերէնով․

«Սիրելի՛ երեխաներ, կը Շնորհաւորեմ բոլորիդ Յունիս 1-ի՝ երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով եւ ձեզի կը մաղթեմ անհոգ մանկութիւն, երջանիկ ընտանիք եւ յուսալի ապագայ։ Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որ դուք ապրիք ընտանիքներու մէջ՝ սիրով ու համերաշխութեամբ եւ ազատօրէն կարենաք արտայայտել ձեր կարծիքը ձեզի վերաբերող հարցերուն։ Մեծերու համար երեխայի լաւագոյն շահը պէտք է ըլլայ ուղենիշ որոշումներու կայացման ժամանակ բոլոր պարագաներուն։ Բարձր արժէքային համակարգ ունեցող, կրթուած, իրազեկ ու իրար յարգանքով վերաբերող երեխաներն են մեր վաղուայ ապագան:

Անցեալ տարի, Յունիս 1-ին, «Օրրան» բարեգործական կազմակերպութեան մէջ հիանալի ժամանակ անցկացուցինք ՀԿ-ի սաներուն հետ՝ երեխաներուն հետ կտրելով տօնական կարկանդակը»։