Նշմարներ.- Եթէ Խենթին 40 Օր Խելօք Ես Ըսեն…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Բազմաթիւ երկիրներու մէջ, Պսակաձեւ ժահրին դէմ ճակատամարտը սկսած է արդիւնաւորուիլ, իսկ այլ տեղեր, դժբախտաբար նաեւ Հայաստանի մէջ, վարակակիրներու թիւը բարձրացում կ’արձանագրէ: Ամիսներ առաջ արեւու լոյսին պէս յստակացած ճշմարտութիւն մը ամէն օր եւ ամէն ժամ ինքզինք կը կրկնէ աշխարհի մէկ ծագէն միւսը… ականջ եւ ուղեղ գործածողին համար: Եւ այդ ճշմարտութիւնը կ’ըսէ. այնքան ատեն, որ ախտին դէմ պատուաստ ու դեղ չէ գտնուած, պէտք է առանց սակարկելու հետեւիլ գիտնականներու, մասնագէտ բժիշկներու թելադրանքներուն, չտարուիլ պոռոտախօս տխմարներու յոխորտանքներով ու «գիւտերով», մինչեւ իսկ եթէ անոնք ըլլան նախագահ, վարչապետ, նախարար կամ այս վարակին մասին ոչինչ գիտցող… իմաստակներ:

***

Ճափոնի կառավարութիւնը Երկուշաբթի, 25 Մայիսին միացաւ փոքրաթիւ այն երկիրներուն, որոնք կը հաւաստեն, թէ յաղթած են վարակին տարածման, ուրեմն, որոշեց վերաբանալ երկրին բոլոր նահանգներուն ու գաւառներուն աշխատանքի ասպարէզները: Անցեալ շաբաթներուն արդէն որոշ շրջաններու մէջ նախաքայլեր առնուած էին: Այո՛, Ճափոնն ալ տնտեսական հսկայական կորուստներ ունեցաւ, սակայն մարդկային կորուստները եղան համեմատաբար սահմանափակ, նախապատւութիւնը տրուեցաւ ՄԱՐԴՈՑ, եւ ո՛չ անպայման նիւթին՝ «պիզնէս»ին (ընդհանուր վարակուած՝ 16.628, դարմանուած՝ 13.612, մահ՝ 851: Բնակչութեան թիւ՝ 126,546,446): Ճափոնի վարչապետը յայտարարեց, որ յաղթանակը արդիւնք է ճափոնցի ժողովուրդին կարգապահութեան եւ իմաստուն վարմունքին: Իշխանութիւններուն ճշդած սահմանափակումները խստիւ գործադրուած են ժողովուրդին կողմէ, իշխանութիւնը պէտք չէ զգացած պատժամիջոցի կամ սպառնալիքի դիմելու: Վարակին իսկական վտանգները արհամարհող «հերոսները» հաւանաբար մտածեն, թէ ճափոնցիները… վախկոտներ են, քան կարգ մը երկիրներու նախագահները, փոխ նախագահները, վարչապետները, նախարարներն ու նահանգներու եւ քաղաքներու կառավարիչները:

Ճափոնը միակ երկիրը չէ, որ վարակին տարածման վրայ յաղթանակ արձանագրեց: Զայն կանխած էին այլ երկիրներ: Աշխատանքի վերադարձը «սանձարձակ» չէ, այլ ճշդուած են ապահովութեան եւ առողջութեան պահպանման միջոցներ, որոնք կրնան ձրիաբար օրինակ ծառայել մնացեալ աղէտեալներուն:

***

Յաղթանակող երկիրներու օրինակը աչքի առջեւ ունենալով, բնականաբար կարելի չէ ըսել, որ հորիզոնը լիովին պայծառ է, սակայն կարելի է ըսել, որ վարակին տարածումը գիտակից քայլերով զսպելու կողքին, այդ երկիրները իրենց հպատակներուն սորվեցուցած են ստեղծուած վիճակին հետ «հաշտ» համակեցութեան միջոցները: Դպրոց, ճաշարան, շուկաներ ու ծովափնեայ լողարաններ վերաբացուած են տրամաբանական սահմանափակումներով, որոնք ըստ կարելւոյն ապահովութիւն կը ներշնչեն: Թելադրած են դիմակ եւ այլ պիտոյքներ գործածել, ՎԱՐԱԿՈՒԵԼՈՒ հնարաւորութիւնը նուազագոյնի իջեցնել, որպէսզի նաեւ ուրիշները չվարակեն: Այս ու նման «մասնիկներ» ցնոր տնօրինութիւն մարդկութեան նոր կենցաղին մաս պիտի կազմեն քիչ մը ամէն տեղ, ու մարդիկ պէտք է իմաստութիւնն ու հոգեկան արիութիւնը գտնեն, համակերպելու բոլորիս կամքէն անկխ ստեղծուած վիճակին, որովհետեւ… ուրիշ ելք չկայ: Փաստօրէն, վարակը ո՛չ սահման կը ճանչնայ, ո՛չ ալ խտրութիւն կը դնէ մորթի գոյնին կամ ցեղային, կրօնական պատկանելիութեան միջեւ: Զգուշաւորութիւնը հրամայական է պետական ամէնէն բարձրաստիճան պատասխանատուէն մինչեւ ամէնէն պարզ քաղաքացիին համար: Մարդկութիւնը պէտք ունի՞ նոր Տոն Քիշոթներու…

***

Գերմանիոյ մէջ, ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը վերսկսաւ երկու շաբաթ առաջ: Որդեգրուած են իմաստուն միջոցառումներ: Ճիշդ է, որ նիւթական երեսը գերակշիռ տեղ ունի, սակայն անիկա պատճառ չէ դարձած, որ մարդիկ մէկդի ձգեն բանականութիւնն ու ուղեղները: Մրցումները տեղի կ’ունենան առանց հանդիսատեսի: Կարգ մը խումբեր իրենց համակիրներուն մեծադիր լուանկարները շարած են դաշտին շուրջ գտնուող աթոռներուն վրայ: Նախազգուշական միջոցները ակներեւ են դաշտերուն վրայ. կէտ մը նշանակող մարզիկը ընկերներուն հետ միայն բազուկի կամ արմուկի հպումով կը տօնէ, գիրկընդխառնում, զիրար գետին տապալել ու իրարու վրայ պառկած բուրգ կազմել չկայ: Ճիշդ է, որ մրցումներուն համը բաւական կորսուած է, սակայն բոլորն ալ գիտեն, որ այժմու պայմաններուն մէջ, պէտք է շարժին այսպէ՛ս: Ահա թէ ինչպէ՛ս կարիքը կը դառնայ հնարքներու մայրը…: Մարզիկները հաւանաբար բժշկական քննութիւններու ալ ենթակայ են միշտ, եւ սակայն, կը յարգեն զգուշութեան պայմաններըը: Վաղը, այլ երկիրներու մէջ ալ պիտի վերսկսին մրցաշարքերը, նոյնպիսի սահմանափակումներով, որոնցմէ բարիք կը ծնի: Մարդս կը տարուի մտածելով, որ արդեօք լաւ չ’ը՞լլար, եթէ երկիրներու կառավարումը վստահուի ֆութպոլը ղեկավարող մարմիններուն, բթամիտներն ու ամբոխավարները մէկդի քաշուին…

***

Մամուլը եւ տեղեկատու աղբիւները նախագահներու եւ պետական այլ մարոց չափ կը թերանան իրենց առաքելութեան մէջ. կարծէք թէ տարօրնիակ մրցում մը կայ անոնց ու պետական համբակ մարդոց միջեւ: Զգայացունցն ու ամէնէն մանր պատահարը քաղաքականացնելը կը մնան տիրական վարքագիծ, հանրութիւն ներգրաւելու միջոց: Մամուլը մոռցած է, որ ինք ունի նա՛եւ առաջնորդողի, ճիշդ ցուցմունք տուողի՛ դեր, կրնայ դարմանել շատ մը բացեր, մինչեւ իսկ զսպել աղէտներ: Օրինակի համար, պատկերասփիւռի կայաններ հազուադէպօրէն, այն ալ՝ քանի մը վայրկեանով միայն, առիթ կու տան, որ գիտնականներ ու մասնագէտ բժիշկներ լուսաբանեն հասարակութիւնը: Նման փորձ պէտք է կատարել ամէն օր, հետեւողականօրէն, որովհետեւ ճիշդ ցուցմունքին կրկնութիւնը ի վերջոյ կրնայ տեղ գտնել ամէնէն կարծր ու բութ ուղեղէն ներս անգամ, եւ զանգուածը զերծ պահել անհարկի վտանգներէ: Մինչդեռ, տեղեկատու այդ աղբիւները կը նախընտրեն համբակ եւ իր պարտականութեան մէջ թերացող պետական պատասխանատու մը դատափետել, պատէ պատ զարնել, մինչեւ իսկ կատակաբանութիւններով դիտողները զուարճացնել…

***

Մամուլին թերի եւ վնասակար դերակատարութիւններէն մէկն ալ՝ զանգուածներուն մէջ հոգեբանական վատ տրամադրութիւններուն մտրակահարումն է: Օր չ’անցնիր, որ լրագրողներ կամ «մասնագէտներ» հրապարակ չգան փոքր պաստառներէն, «աւետելու» համար, թէ վարակը պիտի երկարի, պատճառ պիտի ըլլայ նաեւ հոգեբանական հիւանդութեանց տարածման ու խորացման, անձնասպանութեան պիտի մղէ շատերը  եւ այլն, եւ այլն (մինչդեռ տնտեսական-ընկերային տագնապին կիսատ-պռատ դարմանումը աւելի՛ վտանգաւոր է եւ կը մատնէ պետական մարդոց թերացման մէկ այլ իրականութիւնը): Մէկը հարց չի տար, թէ նման գուշակութիւններով դիտողին ուղեղը ամէն օր մրճահարելը որեւէ նպաստ կը բերէ՞ մարդոց, հոգեբանական տագնապի մատնուելու մասին չմտածողն ալ չի՞ մղուիր այդ ոլորտը…:

Եւ անխուսափելիօրէն մեր միտքը կու գայ ժողովրդական ծանօթ խօսքը. «Խենթին 40 օր խելօք ես, խելօք ես ըսեր են, խելօքցեր է, իսկ խելօքին 40 օր խենթ ես, խենթ ես ըսեր են, խենթացեր է…»: Հետեւաբար, նախընտրելի է ամէն օր կրկնել ու կրկնել, թէ ցարդ մեր հասողութենէն անդին եղող վիճակին համար անիմաստ կերպով հոգեբանական ճնշումի տակ մտնելը որեւէ օգուտ կամ լուծում չի բերեր, մինչդեռ պայծառամտութիւնն ու քիչ մը յուսալից հեռատեսութիւնը կը նպաստէ իրապաշտութեան ամրապնդման: