Մամուլի (Մետիաներու) Անկախութիւնը Եւ Բարոյականը (Էթիկա)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան 

Գիրք մը լաւ է, եթէ հեղինակը կ’ըսէ այն ամէնը

զոր հարկ է ըսել, եւ կ’ըսէ՝ ինչպէս որ հարկն է:

Արիստոտէլ

            Լաւը եւ օգտակարը հասկնալու եւ սորվելու համար հարկ է երբեմն անմիջականէն դուրս գալ եւ յաճախել մեծերու դպրոցը:

            Կեանքը մեզմով եւ այսօր չէ սկսած: Եթէ մամուլի խորհրդաժողով մը կազմակերպէինք եւ հրաւիրէինք նաեւ Արիստոտէլը, հեռանալով սովորական ըմբռնումներէ եւ կարծրատիպերէ, ինչե՜ր կրնայինք սորվիլ:

            Մամուլը պէտք է ծառայէ հանրութեան, ոչ անհատներու կամ կազմակերպութիւններու շահերուն: Այդ է իր կոչումը: Ոչ ես, ոչ դուն, ոչ ընտանիքը, գերդաստանը, հայր եւ որդի եւ պարագայք իւրեանց: Ան բանտարկեալը չէ ըլլայ կացութիւններու, եւ մանաւանդ՝ դրամագլուխի: Ան գերին պէտք չէ ըլլայ money speaksի դրամատիրական-քաղաքական տրամաբանութեան:

            Հայկական մամուլը,- Հայաստան եւ սփիւռք(ներ),- եթէ ազատագրուի ուռուցիկ քարոզչութենէ, ամէն տեսակի կողմնապաշտ եւ թեթեւսոլիկ լրատուութենէ, կը հասնի այլ որակի, եւ ընթերցողը, լսողը եւ դիտողը կը հասցնէ այլ որակի: Մամուլը,- թերթ եւ հեռատեսիլ,- կ’անբարոյանայ երբ որպէս նպատակ կ’ընդունի տպուած թուղթի սպառումը կամ ունկնդիր-դիտողներու թուաքանակը, audimatը:

Որակը երկու պահանջով կը ներկայանայ. տեղեկութեան ճշգրտութիւն եւ մեկնաբանութեան առարկայականութիւն մէկ կողմէ, միւս կողմէ՝ հանրային կեանքի առողջացում եւ բարոյական արժէքներու հպատակութիւն: Այս պահանջները անշրջանցելի պէտք է ըլլան, մեկնելով այն ըմբռնումէն, որ լրատուութիւն, մամուլ, թերթ, ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ հանրային ծառայութիւն են:

            Հարց պէտք է տալ, թէ ի վերջոյ, լրատուամիջոցները, որոնց կը հետեւինք, որոնցմով կը տեղեկանանք մեր հեռուի եւ մօտի շրջապատին, նկատի ունենալով նաեւ, որ հեռուի եւ մօտի սահմանները մօտեցած են, կցուած են, ինչպէ՞ս եւ ո՞ր չափով կ’ազդեն մեր դատումներուն, ընտրանքներուն եւ որոշումներուն վրայ: Աւելի պարզ խօսելով, անոնք կը փոխե՞ն մեր բարոյական ըմբռնումները, կողմնորոշումները, աւելի ճիշդ կը տեսնե՞նք, կ’ըլլա՞նք աւելի արդար, թէ՞ անոնք մեզ կը դարձնեն գործիք՝ ընդունելու համար այլոց կողմէ եւ այլ տեղ որոշուած կարծիքներ եւ արժէքներ:

            Մասնագէտներ կան քարոզչութիւնը եւ ծանուցումը աւելի արդինաւէտ եւ յաջողակ դարձնելու համար, advertisingի գրասենեակներ,- պէտք է յիշել խորհրդային օրերու ագիտ-պրոպը: Լուրերու դասաւորումը եւ մեկնաբանութիւնը ընթերցողը, այսինքն՝ հանրութիւնը, կը տրամադրեն, օրինակ, ընդունելու ողջախոհական համարուող այն միտքը, որ օրէնքը պէտք է յարգել, քանի որ առանց անոր անիշխանութիւն կը ստեղծուի, կամ օրէնքը պէտք է փոխել անելէն դուրս գալու համար, կամ տարածել այն միտքը, որ պէտք չէ հպատակիլ անարդար օրէնքի մը: Եւ ի հարկէ, այս վերաբերումները կը ներկայացուին փաստարկներով՝ համոզում գոյացնելու համար: Եւ հանրային կարծիքը կ’ենթարկուի տատանումներու, կ’երկփեղկուի:

            Այսինքն, լրատուամիջոցները, երբ կը ներկայացնեն իրադարձութիւնները, ըստ իրենց ձեւին եւ անոնց տրուած կարեւորութեան, ծաւալին եւ գործածուած բառերուն, հանրային կարծիք կը ձեւաւորեն, դրական կամ բացասական: Այս ձեւ լրագրութիւն եւ մամուլ հանրային ծառայութեան բարոյականութեան (ethique, էթիկա) խախտում է: Այս, ի հարկէ, իտէալ է, քանի որ հակառակը սովորութիւն է, այդ կը տեսնենք, կը կրկնենք, ինչպէս շահախնդրուած քննադատութիւնը եւ նոյնքան ժամանակավրէպ պանծացումը, մանաւանդ երբ առարկան պատմական իրադարձութիւնները, դէմքերը եւ ներկայ քաղաքականութիւնն են: Ընթերցողներու մէկ կարեւոր մասը կը հետեւի այն լրատուամիջոցին, որ կ’ամրացնէ իր գիտցածը, ոչ անպայման դատողութիւնը: Մամուլի էջերն ալ յաճախ կը գրաւուին նաեւ անոնց կողմէ, որոնք կողմնապաշտական ակնկալութիւններ բաւարարելու կը ծառայեն:

            Ազգային եւ ընդհանրապէս ընկերութիւններուն համար վերականգնումին համար անհրաժեշտութիւն է մամուլի, ընդհանուր բնորոշումով՝ ՄԵՏԻԱներու, բարոյականութիւնը, էթիկան:

            Այս ընելու համար առարկայականութիւնը կենսական է, կարգախօս-կաղապարուած տարազներէ անջատումը, որպէսզի առողջ հանրային կարծիք ստեղծուի, եւ մարդիկ կարենան ըսել, որ ընդդիամխօսս ալ այս կէտի մասին իրաւունք ունի, ճիշդ կ’ըսէ: Նախապայման նպատակասլաց,- ոչ խուլ-համրերու,-երկխօսութեան:

            Մամուլի (ՄԵՏԻԱ) անկախութիւնը եւ բարոյականութիւնը երաշխիք են առողջ հանրային կարծիքի, որպէսզի ան ճիշդ կողմնորոշուի եւ ճիշդ ընտրութիւն ընէ, չխաբուի սովորական դարձած ամբոխահաճութեամբ (populisme), որ ապկայունացումներու կ’առաջնորդէ, կը շրջանցէ ճիշդն ու արդարը: Այս հանգրուանը նուաճելու հասունութիւն եւ առաքինութիւն ունի՞նք:

            Եթէ չենք հասած այս հասունութեան, հաւաքաբար պատասխանատու ենք: Եթէ կը գիտակցինք այս հասունութեան պակասին, եսեր, քարացած մտայնութիւններ եւ շահախնդրութիւններ մէկդի պէտք է որ կարենանք դնել:

            Եւ ի հարկէ մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանելով, յաջողինք իրականացնել անկլօ-սաքսոն ճշմարիտ եւ գործնապաշտ իմաստութիւնը, որ է՝ the right man in the right place, յաջողելու համար ընելով այնպէս, որ ամէն ոք նախ սկսի իր փոքրիկ ածուէն…

            Այս էթիկան կը բանայ յառաջդիմութեան, յաջողութեան եւ երազուած միասնութեան դարպասները:

            Եւ ի հարկէ, այս կարենալ ընելու համար, մամուլի եւ անոր աշխատաւորին ամէն տեսակի ապահովութիւնը եւ անկախութիւնը երաշխաւորուած պէտք է ըլլայ: Money speaks տրամաբանութեամբ գործող մամուլը (ՄԵՏԻԱ) կ’ըլլայ անհատական շահերու եւ փառասիրութիւններու միջոց, ոչ հանրային ծառայութիւն:

            Այս ազնիւ նպատակին ծառայողները եւ զայն իրականացնողները ոչ թէ ասոր կամ անոր, այս կամ այն կողմին, այլ ազգին, հաւաքականութեան եւ պատմութեան երախտիքին կ’արժանանան: Այլ խօսքով, անմիջական շրջանակէն եւ անմիջական ներկայէն անդին պէտք է նայիլ:

            Ի հարկէ, մեր կեանքին հանդիսատես ողջմիտ մարդը, ան ըլլայ ընթերցող, լրագրող թէ մտաւորական, պիտի ըսէ, թէ այս բոլորը աւելի դիւրին է ըսել՝ քան ընել: Նոյնիսկ եթէ այդ է իրողութիւնը, միթէ՞ ձեռնթափ պէտք է ըլլալ: Կրնա՞նք մենք մեզ դիտել առանց հաճոյակատարութեան:

            Եզրակացնենք, առանց եզրակացնելու, մամուլի հռչակաւոր մեծերէն Ժոզէֆ Փուլիցերի հետեւեալ խօսքով. «Շնական (ցինիկ), վարձկան եւ ամբոխավար մամուլ մը, ժամանակի ընթացքին պիտի յառաջացնէ իրմէ աւելի վատ ժողովուրդ մը»: