Այսօր Շառլ Ազնաւուրի Ծննդեան Oրն է․ Աշխարհահռչակ Երգիչը կը Դառնար 96 Տարեկան

Այլեւայլ, Սփիւռք

Աշխահրհահռչակ երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, դերասան, Հայաստանի Ազգային հերոս Շառլ Ազնաւուր, որ կ՛երգէր մարդկային յոյզերու, անհատի եւ մարդկութեան ամենանուիրական զգացմունքներու, սիրոյ եւ հայրենիքի մասին, Մայիս 22-ին պիտի տօնէր ծննդեան 96-ամեակը:

Շառլ Ազնաւուր ծնած է 1924-ի Մայիս 22-ին Փարիզի Սեն Ժերմեն տե Փրէ թաղամասին մէջ, հայ գաղթականներ Միշա և Քնար Ազնաւուրեաններու ընտանիքին մէջ:

Շառլ Ազնաւուրի հայրը` Միշան Վրաստանի Ախալցխա քաղաքէն էր, մայրը` Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքէն: Շառլ մանկութենէն մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի նկատմամբ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շառլը ելոյթներ կ՛ունենար փոքր ներկայացումներու մէջ, կ՛երգէր  եկեղեցւոյ մէջ: 

Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել ժամանակի յայտնի երգիչներու համար: 1946-ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Պիաֆի հետ, եւ անոնք միասին շրջագայած են համերգներով: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման արժանացած է 1959-ին` Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ իր ունեցած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներու մէջ, համերգներ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ:

Ազնաւուր գրած է 1000-է աւելի երգեր` «Սա է վերջը», «Մամա, «Իզապել», «Երկու կիթառ», «Սիրուց յետոյ», «Ջահելութիւն» եւայլն: Անոր երգերու սկաւառակները թողարկուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերու լաւագոյն կատարողն է: Ազնաւուրը երգած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլասիտօ Տոմինգոյի, Լայիզա Մինելիի, Միրէյ Մաթէոյի, Փաթրիսիա Քաասի հետ: Դստեր` Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերեթային երաժշտութիւն:

Ազնաւուր նկարահանուած է 60-էն աւելի ֆիլմերու մէջ` «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Կորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը` պատը» ֆիլմին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակի: Ուշագրաւ է անոր դերակատարումը Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան:

1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, եղած է աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ ստեղծած է երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որու ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, թողարկած է տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ: Քուպայի մէջ Չ. Վալտեսի հետ թողարկած է ալպոմ (2007 թ., շնորհանդէսը` Մոսկուայի մէջ): 

1995-էն ՀՀ նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մշտական պատուիրակ: 2009-ին նշանակուած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ:

Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած ԼՂՀ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թեքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշանով: 2009-ին ճանչցուած է 20-րդ դարու լաւագոյն երգիչ:

Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004 ) յուշագրութիւնները: 

Ազնաւուրի անունով անուանուած են Երեւանի մէջ հրապարակ, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000-ին Գիւմրիի մէջ` անոր անուան հրապարակին մէջ, կանգնեցուած է յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004-ին դրուած է Մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009-ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը: