Արեւմտեան Քաղաքակրթութեան Հետեւանքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ռազմիկ Շիրինեան

Մարդկութիւնը անորոշութեան մատնուած է ներկայ իր կեանքը յուզող հարցերուն ու, մասնաւորաբար, իր դէմ ցցուած արդի վտանգներուն նկատմամբ: Առնուազն յուսադրիչ չեն ժամանակակից աշխարհը փոթորկող առողջապահական, ընկերաքաղաքական ու տնտեսական վերիվայրումները մեկնաբանելու ճիգերը:

Ընդունինք, որ այս ճիգերը արեւմտեան քաղաքակրթութեան արդի տրամաբանութեան հետեւող ու յատկապէս շահարկումի ու շահագործման միտումով եղած ճիգեր են ու, հետեւաբար  նաեւ, անճրկող մնացած են մարդկութիւն ըսուածին դիմաց:

Բարեբախտաբար, ուշագրաւ կարգ մը քաղաքական միտքեր կան, որոնց հիմնական առաջադրանքը եղած է 21դարու տագնապներուն ու վտանգներուն դիմաց քաղաքական մտածողութեան նոր տարածքներու որոնումը: Առաջադրանք եղած է յատկապէս այն միտքը, որ մարդկութիւնը, ի վերջոյ, կարողութիւնը կ’ունենայ վերականգնելու յետ-արդի կեանքի զարգացման քաղաքակրթութիւն մը: Քաղաքակրթութիւն մը ուր մարդ անհատը ազատագրուած ըլլայ բռնապետութիւններէ ու կաշկանդումներէ, ձերբազատուած ըլլայ գաղափարական մոլեռանդութիւններէ, քաղաքական կեղեքումներէ, ցեղասպանութիւններէ եւ զանգուածային բնաջնջումներէ:

Մեզի համար ալ, առաջադրանք է հայրենի ժողովուրդի կեանքին բարելաւման եւ զարգացման առաջնահերթութիւնը: Քաղաքական զարգացման հասկացողութիւն մըն է ասիկա, որուն մէջ կարելի կ’ըլլայ տեսնել հայ անհատին բնական իրաւունքներուն հաստատումը (բաւարար  եկամուտ, որոշելու իրաւունք, սեփականատիրութեան գիտակցութիւն), քաղաքական կեանքին անոր մասնակցութիւնը, իրաւահաւասար բաշխումը, արտադրութեան իրաւունքը եւ կարելիութիւնը, եւ այս բոլորը, որպէսզի ան դուրս գայ արեւմտեան հասկացողութեան մէջ պարփակուած պետականութեան եւ ընկերաքաղաքական ազատական կաշկանդումներէն: Ասիկա ազգային մտածողութեան տարածք մըն է, ուր հայ քաղաքական միտքը ազատագրուած կ’ըլլայ արեւմտեան ռազմաքաղաքական եւ ռազմագիտական տրամաբանութեամբ քննարկող պետականութիւն հաստատելու ճիգերէն:

Ընդունինք, որ պետութիւն ըսուածը այսօր, արեւմտեան քաղաքակրթութեան յղածքին մէջ՝ կը պարփակէ, կը կառուցէ եւ կը համակէ ներկայ հարցերուն մեկնաբանութիւնները: Նուիրապետական ու իշխանութեան դիտանկիւնէն կը ներկայացնէ այս մեկնաբանութիւնները ու թերի կը պահէ ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու ենթակառուցային, այլեւ մարդկային սովորական կեանքին հասկացողութիւնը:    Հետեւաբար, զարմանալի չի թուիր, որ պետութիւն յղածքը իր արեւմտեան ու արդի ժամանակներու հոլովոյթին մէջ կամայ կը ներկայանայ ոչ թէ իբրեւ խնդիրներ լուծող, այլ իբրեւ խնդրայարոյց ազդակ եւ մարդկային յարաբերութիւններու զարգացման խոտոր համեմատող քաղաքական դերակատար:

Ընդունինք, ի վերջոյ, որ այսպէս ըսուած Արեւմտեան Լուսաւորութեան Դարաշրջանն է, որ մեզի հասցուցած է պետական ներքին թէ արտաքին քաղաքական օրինաչափութիւններու ներկայ հասկացողութան: Նաեւ, նոյն դարաշրջանէն սկսած կեանքի բանական յառաջատուութեան, գիտական զարգացումի, ազատական յառաջդիմութեան եւ մարդկային «առողջ» յարաբերութիւններու ընթացքը մեզ հասցուցած են մինչեւ անորոշութիւններով ու անապահովութիւններով լեցուն 21րդ դար:

Հետեւաբար, զարմանալի չի թուիր, որ քննարկող քաղաքական ուշագրաւ մեկնաբանութիւնները  այսօր, անգամ մը եւս մարդկութեան ներկայ տագնապին արմատները կը գտնեն Լուսաւորութեան Դարաշրջանէն ծնունդ առած՝ այսպէս ըսուած տրամաբանական, արուեստագիտական, յառաջդիմական, ազատական եւ դրամատիրական մտածողութեան հոլովոյթներուն մէջ:

Դժուար է պատկերացնել հայ ժողովուրդի ապագայ կեանքը, ազատութիւնն ու հոգեմտաւոր եւ նիւթական զարգացման բնականոն ընթացքը՝ այսպէս ըսուած ազատական «քաղաքակիրթ» աշխարհի ստեղծած արդիականութեան նորմերուն մէջ: Եթէ ընդունինք այս իրողութիւնը իբրեւ մեկնակէտ, ապա քաղաքական մեր միտքը ընթացք կ’առնէ մտածողութեան այն տարածքներուն մէջ, ուր հայ կեանքը իր ժողովրդավար առօրեան կը գտնէ բնատուր իր ընթացքին մէջ եւ ներկայ իր ընկերաքաղաքական բարդոյթներուն լուծում կու տայ զանգուածային շարժումներու, ենթակառուցային յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ ապակեդրոնացման բացարձակ իմաստով զարգացման հասկացողութիւններուն մէջ: Ընդունինք, որ հայ կեանքը բազմատարած զարգացման հոլովոյթ մը ունի ի վերջոյ, (ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, մշակութային զարգացում, ենթակառոյց ) եւ հայրենի ժողովուրդին քաղաքականութիւնը կը կայունանայ ու կ’օրինաւորուի բազմատարած այդ առօրեային մէջ: Ընդունինք, որ վերջին երկու տարիներուն հայրենի ժողովուրդը քաղաքական իր հիմնական քայլը առաւ այդ ուղղութեամբ:

Ընկերաքաղաքական յարաբերութիւններու այս հասկացութիւններուն մէջ սովորական հայ կեանքի շարունակական զարգացման գաղափարախօսութիւնն է հիմնական առաջադրանքը: Այն գաղափարախօսութիւնը, որ կը դառնայ հայ քաղաքական առաջնորդ միտքը: Այս միտքին մէջ հայ ժողովուրդի ընկերաքաղաքական յարաբերութիւնները դուրս կու գան իշխանութիւն թէ դիւանագիտութիւն ըսուած սին յարաբերութիւններէն, բիրտ ոյժի փուճ  տրամաբանութենէն, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն բախումի ապաքաղաքական երեւոյթէն  եւ կը տեղադրուին զանգուածային կառռյցներու (ենթակառոյցներու) եւ կեանքի ամէնօրեայ յարաբերութիւններուն մէջ:

Հայ քաղաքական միտքը այսօր չի կրնար ինքզինք պայմանաւորել արդի աշխարհի ազատական-դրամատիրական ու արեւմտեան ռազմաքաղաքական տրամաբանութեամբ: Տրամաբանութիւն մը, որ իր զարգացման «բանական-գիտական» ընթացքը ճշդած է ոչ անպայման մարդկութեան հարցերը լուծելու մտահոգութեամբ, այլ այդ հարցերը բացարձակ առումով անտեսելու եւ նոյնիսկ մարդկութիւնն ու անոր արժէքները հիմնական քանդումի տանելու ուղղութեամբ: