Արցախի ՊԲ-ի Մէջ Հարուածային Անօդաչու Թռչող Սարք Փորձարկած Են

Հայաստան

«Տիգրանակերտ» զօրավարժարանին մէջ, Մայիս 19-ին, բանակի փորձարկման եզրափակիչ փուլը յաջողութեամբ յաղթահարած է Արցախի հանրապետութեան եւ ՊԲ-ի համապատասխան մասնագէտներուն կողմէ նախագծուած ու արդիականացուած հարուածային անօդաչու թռչող սարքը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Անիկա կը գործէ տեղորոշման տարբեր արհեստագիտական միջոցներէն անկախ, ունի խուսավարման ու կրակային խոցման բարձր հնարաւորութիւններ, արհեստագիտական բնութագրերով չի զիջիր առաջնակարգ երկիրներու նմանատիպ սարքերուն եւ կը կառավարուի դիւրութեամբ:

Յառաջիկայ ամիսներուն հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը պիտի մտնեն պարբերական արտադրութեան փուլ եւ իրենց լիարժէք տեղը պիտի զբաղցնեն ԱՀ պաշտպանական համակարգին մէջ:

Փորձարկումներուն հետեւած են ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար զօրավար-հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանն ու բարձրաստիճան այլ զինուորականներ: