Նիքոլա Ազնաւուր Դիմած է ՀՀ Կառավարութեան «Զուարթնոց» Օդակայանը Շառլ Ազնաւուրի Պատուին Անուանակոչելու Առաջարկով

Հայաստան

«Զուարթնոց» օդակայանը Շառլ Ազնաւուրի անուամբ անուանակոչելու առաջարկով ՀՀ կառավարութեան դիմած է Ազնաւուր հիմնադրամը եւ հայ մեծանուն գործիչին որդին` Նիքոլա Ազնաւուրը: Ինչպէս «Եռագոյն»-ը կը հաղորդէ՝ Հիմնադրամը տեղեկացուցած է, որ նախաձեռնութեան հեղինակը Շառլ Ազնաւուրի համակիրներն են:

«2018-ի Հոկտեմբերին Շառլ Ազնաւուրի խումբ մը համակիրներ նախ սկսան առցանց ստորագրահաւաք, հաւաքելով տասնեակ հազարաւոր ստորագրութիւններ, ապա պաշտօնական նամակով դիմեցին Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէին եւ «Զուարթնոց» օդանաւակայանի տնօրինութեան: Մենք տեղեկացանք, որ պարոն Էռնեկեանը մեծ հաւանութեան արժանացուցած է գաղափարը ու պաշտօնական նամակով դիմած կառավարութեան` յայտնելով իր դրական վերաբերմունքը”,- նշուած է հիմնադրամին կողմէ ՀՀ վարչապետին ուղղուած դիմումին մէջ:

Այդ խնդրի առնչութեամբ դիրքորոշում յայտնելու համար ՀՀ կառավարութիւնը դիմած է ՀՀ Հանրային խորհուրդին:

«Նկատի ունենալով Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ Հանրային խորհուրդը ու անոր համապատասխան յանձնաժողովներու կողմէ նիստեր հրաւիրելու դժուարութիւններն ու անհնարինութիւնը, հարկադրուած պիտի ըլլանք այս եւ միւս խնդիրներու քննարկումն ու եզրակացութիւններու հաստատումը կատարել ելեկտրոնային կամ հեռավար եղանակներով:

Հանրային խորհուրդի բոլոր անդամներուն ուղարկուած է ՀՀ կառավարութենէն ստացած փաթեթը, սակայն ոչ պակաս կարեւոր է նաեւ հանրութեան տեսակէտը գոնէ ընկերային ցանցերու օգնութեամբ, որուն նպատակով ալ կը տեղադրուի առաջարկը ՀԽ ֆէյսպուքեան էջին վրայ:

Ուրախ պիտի ըլլանք ձեր դիտարկումներն ու կարծիքներն ստանալ այս հարցի առնչութեամբ»,- Հանրային խորհուրդի ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է ՀԽ նախագահ Ստէոփա Սաֆարեանը: