Լճաշէն Հնաւայրի Բերդկունք Ամրոցի Տարածքը Արգելոցի Պիտի Վերածուի

Այլեւայլ, Հայաստան

ՀՀ ԿԳՄՄ Նախարարութեան Պահպանութեան Ծառայութիւն ՊՈԱԿ նախաձեռնութեամբ կ՝իրականացուին աշխատանքններ՝ Գեղարքունիքի մարզի Լճաշէն հնաւայրի Բերդկունք ամրոցի տարածքը արգելոցի վերածելու, ինչպէս նաեւ ամրոցի ամրակայման եւ նորոգման հնարաւորութեան գնահատման ուղղութեամբ։

ՊՈԱԿ-ի մասնագէտներուն կողմէ քննարկումններ կ՝ընթանան յուշարձանը ներառող տարածքին բարեկարգման աշխատանքներ ծաւալելու ընթացակարգին եւ հեռանկարներուն մասին։

«Հարկ կը համարենք մեր քաղաքացիներուն յիշեցնել, որ յուշարձաններ ներառող տարածքներուն մէջ շինարարական, գիւղատնտեսական եւ այլ կարգի աշխատանքներու համար հողի յատկացումները, կառուցապատման, ճարտարա-փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ուղիներու նախագտծերը սահմանուած կարգով պէտք է համաձայնեցուին լիազօրուած մարմնին հետ:

Յուշարձաններուն կամ անոնց պահպանական գօտիներուն վնաս պատճառած իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձեր պարտաւոր են վերականգնելու անոնց նախկին վիճակը, իսկ վերականգնելու անհնարինութեան պարագային՝ հատուցել պատճառած վնասները` Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ սահմանուած կարգով»,- նշուած է ՊՈԱԿ-ի Facebook-ի էջին վրայ, որ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը վերածեց Արեւմտահայերէնի: