Աւելի Քան 100 Տարի Անցած է, Սակայն Այդ Սուրը Ոչ Մէկ Կերպ Վար Դրուած է. «Ակօս»

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսահայ «Ակօս» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց արտայայտութեան։

Էրտողանը՝ խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին՝ նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի չի տան որեւէ գործողութիւն իրականացնել։

«Ակօս» թերթը, ի պատասխան Էրտողանի այս յայտարարութեան, հրապարակած է յօդուած մը։

«Աւելի քան 100 տարի անցած է, սակայն այդ սուրը ոչ մէկ կերպ վար դրուած է։ Արդէն պէտք է առերեսուինք այդ մտածելակերպին հետ․․․

Թէ որուն կ’ըսեն, որ խումբին համար կ’ըսեն ատիկա, նոյնն է, չկայ այնպիսի եզրոյթ մը, որ կ՝ընդգրկէ, կ’ենթադրէ այդքան սարսափ եւ բռնութիւն, ինչպէս «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը»,- գրած է թերթը։ 

Թերթը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ մէջ «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը երկար տարիներ կը շարունակեն օգտագործել։ Ատիկա ըսելով՝ նկատի ունին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայերը։  

«Թուրքիոյ պետական եւ քաղաքական աւանդոյթը, որ կը պնդէ, թէ «ցեղասպանութիւն չէ եղած», որքան ալ որ տարօրինակ է՝ ցեղասպանութիւնը նկարագրող այդ եզրոյթը ամէն անգամ կ՝օգտագործեն են, որպէսզի սպառնան այն հայերուն, որոնք նախընտրած են մնալ այս երկրի մէջ, վերջիններուս յիշեցնեն այդ երկրին մէջ իրենց դիրքին մասին, միւս կողմէն ալ ահաբեկեն այն միւս խումբերը, որ ստիպուած եղած են ենթարկուելու նման բռնութեան կամ՝ կ՝ենթարկուին»,- նշուած է յօդուածին մէջ։

Նշուած է, նաեւ, որ տուեալ եզրոյթը վերջին տասնամեակներուն աւելի շատ կ՝օգտագործուի այն շրջանակներուն համար, որոնց Թուրքիան իր թշնամին կը համարէ։  

Թերթը քննադատած է Էրտողանի այդ յայտարարութիւնը, յայտնելով, որ ինչպէս իրենք, այնպէս ալ տարբեր զգայուն խումբեր կը փորձեն նկարագրել, թէ ատիկա կ՝ընդգրկէ բռնութեան եւ կոտորածի քաղաքականութիւն։

«Սակայն ակներեւ է, որ այդ զգուշացումները եւ քննադատութիւնները կարեւոր չեն համարեր եւ անտարբերութեան կը մատնեն։ Պետութեան վարած քաղաքականութեան տեսանկիւնէն սուրը դեռ «գործիք» մըն է, որ դեռ կ՝օգտագործուի հասարակութեան սպառնալու նպատակով եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը շրջանառուի եւ պիտի շրջանառուի»,- նշուած է «Ակօս»-ի մէջ։