Արցախի Մէջ Զինուոր Մը Զոհուած Է

Հայաստան

Մայիս 10-ին, ժամը 18:25-ի սահմաններուն, ՊԲ արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներով, զոհուած է ՊԲ զինծառայող, 2001-ի ծնունդ Սասուն Սուրէնի Մարգարեանը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: