Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ 11 Ժամ Տեւողութեամբ Համերգային Ծրագիր Պիտի Իրականացուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին առիթով՝ Ապրիլ 24-ին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի 11 ժամ տեւողութեամբ համերգային ծրագիր։ Այս մասին, ըստ  Armenpress.am-ի, մամուլի ասուլիս ժամանակ ըսած է Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Վիրաբեան։

«Այս պահուն Ծիծեռնակաբերդի մէջ կ՝իրականացուին լայնածաւալ ստեղծագործական, արհեստագիտական աշխատանքներ։ Ստեղծագործական եւ գեղարուեստական մասը պիտի ըլլայ ուղիղ եթերով։ Առաջին անգամ է, որ Ծիծեռնակաբերդի մէջ կ՝իրականացուի 10-11 ժամ տեւողութեամբ համերգային ծրագիր»,- ըսած է Վիրաբեան։