«Աւրորա»-ն Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օրը՝ Ապրիլ 24-ին, Առցանց Քննարկում Պիտի Իրականացնէ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը պիտի իրականացնէ առցանց քննարկում, որ տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 24-ին, ժամը 19:30-ին՝ յարգելու մէկ դար առաջ նահատակուածներու յիշատակը եւ մեծարելու մերօրեայ հերոսները, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք այսօր աշխարհի մէջ կը պայքարին «քորոնա» ժահր համավարակին դէմ: Քննարկման ընթացքին պիտի յայտարարուին նաեւ 2020-ի «Աւրորա»-ի հերոսներուն անունները: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն IDeA հիմնադրամի Հանրային կապերու բաժինէն:

Առցանց քննարկման բանախօսներն են Նախաձեռնութեան համահիմնադիրներ Նուպար Աֆէյեանը, Վարդան Գրեգորեանը եւ Ռուբէն Վարդանեանը, «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի նախագահ Լորտ Արա Տարզին, «Խաղաղութեան տան» (Maison Shalom) հիմնադիր եւ «Աւրորա» մրցանակի առաջին` 2016-ի դափնեկիր Մարգարիտ Պարանգիցէն: Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Futures Studio քննարկումներու հարթակէն, որ պիտի վարէ «Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան գործադիր տնօրէն Նիկոլայ Սդանիշը:

«Ապրիլ 24-ը միշտ ալ առանձնայատուկ եղած է բոլոր հայերուն համար, բայց այս տարի անիկա յատկապէս ուշագրաւ է, քանի որ կը լրանան Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցը եւ Հոլոքոսթի 75-րդ տարելիցը, ինչպէս նաեւ «Աւրորա»-ի 5-ամեակը: Ստեղծման օրէն ի վեր «Աւրորա»-ն հաւատարիմ մնացած է իր աւանդոյթներուն. այդ օրը ծաղիկ խոնարհած է Ծիծեռնակաբերդի մէջ՝ յարգելով Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը, եւ մեծարած է մերօրեայ հերոսներն ու Մատենադարանի մէջ յայտարարած է «Աւրորա»-ի հերոսներուն անունները՝ զանոնք արձանագրելով «Մատեան մարդասիրաց» տարեգիրքին մէջ:

Այժմ, երբ «քորոնա» ժահր նոր հիւանդութեան հետեւանքով փոխուած է համաշխարհային օրակարգը, մենք չենք կրնար սովորականին պէս հաւաքուիլ Մատենադարանի մէջ եւ ստիպուած ենք փոփոխելու մեր ծրագիրներն ու համապատասխանեցնելու ներկայ իրավիճակին: Այդուհանդերձ, մենք միասին ենք, եւ այս առցանց ձեռնարկը մեզի հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ մեծարելու 2020-ի «Աւրորա»-ի հերոսները, ինչպէս նաեւ անդրադառնալու «Աւրորա»-ի հիմնական գաղափարներուն՝ մեր ամուր հաւատամքին, որ իւրաքանչիւր ոք արժանի է երկրորդ հնարաւորութեան, եւ մեր նախնիները փրկողներուն հանդէպ ունեցած երախտագիտութիւնը գործի վերածելու մեր յանձնառութեան:

Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգներ՝ մենք շատերէն աւելի լաւ կը գիտակցինք, թէ մարդիկ այսօր ինչ դժուարութիւններու մէջէ կ՝անցնին: Մենք կը փայփայենք անձնական փորձով ձեռք բերուած այն իմացութիւնը, որ գոյապահպանման կը յաջորդէ վերածնունդ, եւ կը ձգտինք մարդկութեան մէջ սերմանել այդ յոյսը։ Այդպէս վարուած ենք անցեալին եւ պիտի կարենանք այդպէս վարուիլ կրկին՝ միասին։

2020 Ապրիլ 24-ի առցանց քննարկումը բաց է բոլորին համար: Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ անգլերէն՝ հայերէն եւ ռուսերէն թարգմանութիւններու ապահովումով: Zoom հարթակի յղում ստանալու համար մասնակիցները պէտք է արձանագրուին կամ կրնան քննարկումը դիտել Facebook-ի ուղիղ հեռարձակումով: Կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ հայերէն կամ ռուսերէն համաժամանակեայ թարգմանութիւնը հասանելի պիտի ըլլայ միայն այն մասնակիցներուն, որոնք արձանագրուած են Zoom-ի միջոցով: Միացէք առցանց քննարկման եւ օգնեցէք մեզի սփռելու երախտագիտութեան ուղերձը»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: