Սիրելի Մայրեր Ու Դուստրեր, Այս Դժուարին Եւ Բարդ Պայմաններուն Մէջ, Առաւել Ուշադրութիւն ու Հոգատարութիւն Ցուցաբերեցէք Ձեր Ընտանեաց Անդամներուն. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Շնորհաւորած է Կիներն Ու Աղջիկները

Այլեւայլ, Հայաստան

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն հայրապետական մեր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները կը յղենք տիկնանց եւ օրիորդաց Սուրբ Աստուածածնի Աւետման տօնին եւ Մայրութեան ու գեղեցկութեան օրուան առիթով: Այս մասին նշուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ Աւետման տօնի առիթով շնորհաւորական ուղերձին մէջ.

«Աւետման տօնը աշխարհի Փրկիչի Ծննդեան ցնծալի աւետիսն է Սուրբ Մարիամին, որ հաւատաւոր հոգիով ու առաքինազարդ վարքով մարդկութեան համար մշտավառ օրինակ է առ Աստուած խորին հնազանդութեան եւ մեծագոյն սիրոյ։ Սուրբ Կոյսի աստուածսիրութիւնը, անոր մայրական պայծառ կերպարը մշտաբուխ ներշնչման աղբիւր դարձած են քրիստոնեայ կանանց, բարեպաշտ հայուհիներուն համար, որոնք իրենց հերոսական առաքելութեամբ ընտանեաց սիւնն են, զաւակները իբրեւ ազգի ու եկեղեցւոյ արժանաւոր անդամներ դաստիարակողը, տարբեր յանձնառութիւններով հասարակութեան ու պետութեան կեանքի առաջընթացին բարի ու ազնիւ նպաստ բերողը:

Սիրելի մայրեր ու դուստրեր, ներկայ դժուար ու բարդ պայմաններուն մէջ, երբ աշխարհը կը դիմագրաւէ համավարակի փորձութիւնը, առաւել ուշադրութիւն ու հոգատարութիւն ցուցաբերեցէք ձեր ընտանեաց անդամներուն՝ այս դժուար իրավիճակը յաղթահարելու համար։ Մարդկութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան, ապահովութեան, խաղաղութեան համար մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ աղօթքներուն միախառնեցէք ձեր սրտաբուխ աղօթքը, որ Ձեր ամուր հաւատքի եւ առ Աստուած սիրոյ ու ապաւինութեան շնորհիւ լսելի պիտի ըլլայ Բարձրեալի կողմէն՝ իր փրկարար շնորհները, ամենաբուժիչ զօրութիւնն ու ողորմութիւնը հեղելու աշխարհի վրայ։

Շնորհազարդ այս օրը ի խորոց սրտի Սուրբ Աստուածածնի գթառատ բարեխօսութիւնը կը հայցենք մեր ողջ ժողովուրդին եւ ձեզ ու ձեր ընտանիքներուն, որպէսզի Տիրոջ օրհնութեան ներքոյ ապրիք խաղաղութեան մէջ, ըլլաք քաջառողջ ու երջանիկ եւ շարունակէք ձեր հոգիի սիրով ու ջերմութեամբ շէնութիւն բերել մեր երկրին եւ պայծառութիւն՝ հոգեւոր ու ազգային մեր կեանքին:

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհներն ու սէրը թող ըլլան բոլորիդ հետ. ամէն»: