Արցախի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Հաստատուած Մէկ Դէպք Կայ

Հայաստան

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան փոխանցած տեղեկութիւններով, նախորդ օրը ՀՀ ուղարկուած երկու փորձանմուշներու հետազօտութեան արդիւնքները այսօր պարզուած են, մէկը՝ դրական, միւսը՝ բացասական:

«Հաստատուած դէպքին մասին հարկ կը համարենք յիշեցնելու, որ վերջինս Ապրիլ 2-ի առաւօտեան շտապ օգնութեան մեքենայով տեղափոխուած էր Քաշաթաղի բուժմիաւորում եւ մեկուսացուած, որովհետեւ Արցախ վերադարձած էր ՀՀ-էն՝ «վարակի օճախ» համարուող բնակավայրէ: Երկրորդ քաղաքացին, որմէ փորձանմուշ վերցուած է, եղած է ՀՀ-էն վերադարձող քաղաքացիի հարեւանուհին, որ Ապրիլ 4-ին, այլ խնդիրով տեղափոխուած էր նոյնի բուժմիաւորում»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ ապահովութեան նկատառումներով, նախօրօք ինքնամեկուսացուած է 17 քաղաքացի: Այդ քաղաքացիները առ այժմ որեւէ ախտանիշներ չունին: