ՀՕՄ-ը Բժշկական Իրեր Կ՛ուղարկէ Արցախ՝ Պայքարելու Համար «Քորոնա» Ժահրին Դէմ

Հայաստան, Սփիւռք

Մարտ 30-ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝
արձագանգելով Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան օժանդակութեան կոչին, «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու նպատակով, Արցախ կը ղրկէ բժշկական իրերու (ջերմաչափեր) իր երկրորդ առաքումը։ «Հայրենիք»-ի տեղեկութիւններով՝ ըստ ակնկալութեան, այս նպաստը Արցախ պիտի հասնի գալ շաբթուան ընթացքին։ Շտապ օգնութեան այս նախաձեռնութիւնը կարելի եղաւ իրականացնել ՀՕՄ-ի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Բիւրոյի ճիգերով։ Յառաջիկայ օրերուն կը նախատեսուի կատարել երրորդ առաքում մը եւս։

Նախապէս, Մարտ ամսուան սկիզբը, ՀՕՄ-ի, Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի, Chevy Chase Վիրաբուժական Կեդրոնին եւ Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամի համագործակցութեամբ, շտապ օգնութեան առաջին հանգրուանը իրագործուեցաւ Հայաստան եւ Արցախ։

Ցարդ, Արցախի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս «Քորոնա» ժահրի պարագաներ չեն արձանագրուած, սակայն օժանդակութեան այս որոշումը նախազգուշական քայլ մըն է, Արցախի մէջ ժահրին տարածման առաջքը առնելու համար, մանաւանդ նկատի ունենալով բժշկական իրեր ապահովելու համաշխարհային տագնապը։

«Սփիւռքի միասնական ուժերով է, որ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, մեր հայրենիքէն ներս պիտի պայքարինք այս համաճարակին դէմ»,- կը տեղեկացնէ ՀՕՄ-ը։