Բացայայտ Նախայարձակո՞ւմ Թէ Իրավիճակը Սրելու Փորձ…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Կարօ Արմենեան

Ամէն անգամ, երբ Ատրպէյճան ներխուժում կը կատարէ սահմանագծի հայկական կէտերէն ներս արիւնայեղութիւն և մահ սփռելով իր ճամբուն վրայ, հայկական կողմը կը դրուի արժևորում կատարելու դժուարին հարցին առջև։ Ինչպէ՞ս բնորոշել թշնամիի այս ոտնձգութիւնը։ Իսկապէս ի՞նչ կը փորձէ ընել թշնամին։ Ի վերջոյ գոյութիւն ունին համաձայնութիւններ, զինանդադարի նորմեր, միջազգային հովանաւորութեան տակ տրուած խոստումներ, որոնց տառացիօրէն — և օրինակելի բծախնդրութեամբ — կը հետևի հայկական կողմը։ Եւ կը թուի, թէ միայն հակառակորդ կողմն է, որ «թքած ունի» բոլոր այդ պատկառելի թղթաբանութեան վրայ։

Աւելի՛ն։ Ատրպէյճան ամէն առիթբվ բացէ ի բաց կը խօսի իր ծաւալապաշտ դիտաւորութիւններուն մասին։ Ամբողջ Հայաստանը գրաւելու մասին։ Եւ երբ կը խօսին այս մարդիկ, դիւանագիտութիւն չեն խաղար։ Կ՚ըսեն այն, ինչ որ կը մտածեն։ Կ՚ըսեն բացճակատ։ Եւ այնքան բացորոշ բառապաշարո՛վ ՝ որ հայ մարդուն նախանձը կը շարժէ…

Հեռո՛ւ մեզմէ ռազմավարութիւն թելադրելու որևէ փորձ հայկական զինուժին և ՀՀ կառավարութեան։ Մենք ունինք բարձրորակ բանակ և հրամանատարութիւն։ Եւ անոնք գիտեն ի՞նչ ընել։ Բայց հարց մը այնուամենայնիւ ինքզինք կը պարտադրէ, զոր կ՚ուզեմ բարձրաձայնել։ Եթէ Ատրպէյճան կարող է այս ոտնձգութիւնները միջազգային դիւանագիտութեան ընդունելի դարձնել յաջողապէս շրջանցելով բոլոր համաձայնութիւնները և յաջորդ օրն իսկ վերադառնալ «օրուան գործին» (business as usual), ինչո՞ւ հայկական կողմը պիտի չկարենայ շղթայազերծել իր պատժիչ համակարգը բազմապատիկ ուժգնութեամբ աւերածութիւն սփռելով թշնամիի դարպասէն ներս և նոյնքան յաջողութեամբ յաջորդ օրն իսկ վերադառնալ իր դիւանագիտական «ժպիտ»ներուն…Այս հարցումը միայն իմս չէ։ Ան կը հարցուի ամէն օր ամէն հայու կողմէ ամբողջ աշխարհի մէջ։ Եւ արդար է, որ հարցուի, քանի որ այլևս նժարի վրայ է մեր հաւաքական արժանապատւութիւնը։

Եւ յամենայն դէպս, իմ համեստ կարծիքով, այս ոճրային ոտնձգութիւնները պէտք է առնուազն բնորոշել իրենց ռազմական բովանդակութեամբ, այսինքն՝ որպէս նախայարձակո՛ւմ (aggression, ագրեսիա) ՝ որ աւելի յստակօրէն կը բացայայտէ թշնամիի դիտաւորութեան էութիւնը։