Հայ Կապոյտ Խաչի Արիւնատւութիւնը Ֆիքսի Մէջ

Սփիւռք

Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն, «­Քո­րո­նա» ժահ­րի հա­մաշ­խար­հա­յին տագ­նա­պի հե­տե­ւան­քով, ­Յու­նաս­տա­նի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն ներս ա­րեան պա­հես­տի զգա­լի նո­ւա­զում ար­ձա­նագ­րո­ւած է։ ­Կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­ներ կա­րե­լիու­թիւ­նը չու­նին այ­ցե­լե­լու պե­տա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րը ա­րիւն տա­լու:

Այս պատ­ճա­ռով, Հ.Կ.­Խա­չը ըն­դա­ռա­ջե­լով ա­րեան պա­հես­տի պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան կո­չե­րուն, «Է­վան­կեիլզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցին հետ գոր­ծակ­ցա­բար եւ զգու­շա­ւո­րու­թեան անհ­րա­ժեշտ մի­ջոց­նե­րը կի­րար­կե­լով, ի­րա­գոր­ծեց իր յայ­տա­րա­րած ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւ­նը որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 29 ­Մարտ 2020-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-էն մին­չեւ կէ­սօ­րուան ժա­մը 14:00, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

Շր­ջա­գա­յու­թեան ամ­բող­ջա­կան ար­գի­լու­մի կի­րար­ու­մին հան­դերձ ու գոր­ծադ­րե­լով շրջա­գա­յու­թեան օ­րէն­քի անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րը, մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ըն­դա­ռա­ջե­ցին Հ.Կ.­Խա­չի կո­չին եւ ներ­կա­յա­ցան ­Ֆիք­սի ա­կում­բը, խո­րա­պէս գի­տակ­ցե­լով, թէ ի­րենց նո­ւի­րա­բե­րու­մով կեանք մը պի­տի փրկո­ւի:

Ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը ե­ղաւ նա­խա­տե­սո­ւած ձե­ւով, ա­պա­հո­վու­թեամբ եւ կարգ ու կա­նո­նով:

Հ.Կ.­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Ֆիք­սի ա­կում­բը, օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լով կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն, բժիշ­կին եւ հի­ւան­դա­պահ­նե­րուն: Ն­շենք, որ պա­տաս­խա­նա­տու բժիշկ­նե­րը խիստ քննու­թիւն­նե­րէ կ­­’անց­ը­նէին կա­մա­ւոր ա­րիւ­նա­տու­նե­րուն, որ­պէս­զի բո­լոր ա­ռող­ջա­պա­հա­կան օ­րէնք­նե­րը յար­գո­ւին: Այս ան­գամ, կա­րե­լի ե­ղաւ 43 հո­գիէ ա­րիւն ստա­նալ, հա­կա­ռակ որ ներ­կա­նե­րու թի­ւը ա­ւե­լի բարձր էր, սա­կայն ա­ռող­ջա­պա­հա­կան տար­բեր պատ­ճառ­նե­րով՝ մա­ս ­մը մեր­ժո­ւե­ցաւ: Ս­տա­ցո­ւած ա­րեան քա­նա­կը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Է­վան­կե­լիզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­կար­գի պա­հես­տա­նոց­նե­րուն՝ հարս­տաց­նե­լով Հ. Կ. ­­Խա­չի ա­նու­նով պահ դրո­ւած ա­րեան պահեստը: ­Բո­լոր ա­նոնք, որոնք կա­րե­լիու­թիւ­նը չու­նե­ցան ներ­կա­յա­նա­լու ­Ֆիք­սի ա­կում­բը, կը տե­ղե­կաց­նենք, թէ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան երկ­րորդ փու­լը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Կի­րա­կի՝ 12 Ապ­րիլ 2020ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-14:00: