Ակնարկ. Այլ Հմտութիւններու Պահանջարկ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»-ի խմբագրական

Պսակաձեւ ժահրին դէմ երկրագունդի յայտարարած պատերազմը տեղ մը աւարտ պիտի արձանագրէ անպայման: Աւելի ճիշդը` ճակատամարտը: Պատերազմը աւելի երկարատեւ հասկացողութիւն է եւ յայտնաբար կենսագիտական հարթութեան վրայ մարդկութիւնը պիտի շարունակէ դիմագրաւել համավարակներու դէմ պայքարելու  տարբեր տեսակի մարտահրաւէրները:

Երկարատեւութեամբ համոզուիլը ունի քանի մը հիմնաւորում: Նախ այն, որ, շրջանցելով դաւադրական տեսութիւններու խայտաբղէտ պատկերը, ընդունինք, որ ժահրի ծնունդը, այս պարագային փոխակերպումը, չունի իր գիտական բացատրութիւնը: Կենսագիտութիւնը, գէթ մինչեւ այս պահը, կրնայ ժահրի տեսակին, ծինային յատկութիւններուն եւ փոխակերպուած ըլլալուն մասին հաստատումներ, յայտնաբերումներ կատարել առանց բացատրութիւն տալու կազմութեան  պատճառականութեան կամ փոխակերպման շարժառիթներուն մասին: Այս կ՛ենթադրէ, որ հետագային արձանագրուելիք նոր մանրէներու կամ ժահրերու մէջտեղ գալը կամ նախապէս գոյութիւն ունեցածներու փոխակերպումները հակակշռելի կամ աւելի ճիշդը` վերահսկելի չեն գիտական կեդրոններու կողմէ: Բնութեան հոլովոյթին հետ կապուած երեւոյթներ (աներեւոյթներ) են այն միտումները, որոնք կ՛արձանագրուին եւ տակաւին յառաջիկային երեւալու (չերեւալու) նախադրեալներ կը փոխանցեն:

Կենսաբանական սպառազինութիւնը չի նմանիր դասական սպառազինութեան: Արտահանուած ժահրը անպայման չի սահմանափակուիր տուեալ աշխարհագրական միջավայրով: Համաճարակը (էփիտէմի) շատ արագ կը վերածուի համավարակի (փանտէմի)` տարածականութեան ներառելով աշխարհագրական տարբեր երկրամասեր: Պումըրանկը իր բացաձակ իմաստով կ՛առարկայանայ այս պարագային:

Հաւանաբար այս մէկը  պատերազմի միակ ձեւաչափն է, ուր հակառակորդները իրար փոխլրացնելու հրամայականին առջեւ կը կանգնին: Ժահրի տարածումը զսպող չինական օրինակը պէտք պիտի ըլլայ Եւրոմիութեան: Գուցէ իրանեանը կամ քուպականը` Միացեալ Նահանգներուն:

Տակաւին չենք խօսիր համաշխարհայնացած բաց հասարակութիւններու, բաց համակարգերու եւ բաց սահմաններու տրամագծօրէն հակառակ ուղղութեամբ սրընթաց կշռոյթներով արձանագրուող գործընթացներու մասին, որոնք կ՛ազդարարեն աշխարհակարգի կտրուկ փոփոխութիւն:

Կենսաբանական պատերազմին մէջ զիրար հակակշռող, իրարու գերազանցող սպառազինութեան փոխարէն փոխլրացնող, փորձառութիւններ փոխանակող  ամբարող զինուժերուն կը վերաբերի ահազանգուող անհրաժեշտութիւնը:

Հիմա մրցավազքը պատուաստի գիւտի յայտնաբերման կը վերաբերի շեշտակիօրէն: Եթէ մէկ կողմէ տուեալ պետութեան գերակայութեան հաստատման կը վերաբերի անիկա, եւ նախ իր երկրի բնակչութիւնը փրկելու, նոյնքան շեշտակիօրէն`  արտահանման եւ մոգական նիւթին ձեռք բերման համար աստղաբաշխական գումարներ կուտակելուն:

Այս պատճառով ալ տուեալ ընկերութեան մը խոստմնալից յայտարարութիւնները խիստ վերապահութեամբ կ՛ընկալուին այլ ընկերութեան կողմէ: Տարատեսակ են նաեւ պատուաստի գիւտին կամ ժահրի անյայտացման մասին ժամկէտներ ենթադրող տեսութիւնները:

Երկրագունդը սրընթաց կերպով կլանած ժահրի տարածման արագութիւնը, աներեւութիւնը, անվերահսկելիութիւնը հարուածած է ներկայ աշխարհակարգի հիմնասիւները:

Քաղաքագիտական եւ ընկերաբանական վերլուծումներուն մէջ կար տեսութիւն, որ Հայաստանի երկրաշարժը քանդեց երկաթեայ վարագոյրը եւ նախանշեց Խորհրդային միութեան փլուզումով նոր աշխարհակարգի տակաւ ձեւաւորումը: Կենսաբանական փոթորիկը ի յայտ բերաւ բեւեռներու խոցելիութիւնը, գործընթացներու վրայ դժուար վերահսկողութեան փաստերը, երբեմն նոյնիսկ որոշ զարգացած երկիրներու անօգնական վիճակի մէջ յայտնուիլը: Այլոց պարագային` բժշկագիտական որակը, քաղաքացիներու կարգապահական գիտակցութիւնը, վարչակառավարման հմտութիւնները, հակախուճապայնութիւնը եւ վերահսկելիութիւնը:

Կը թուի, որ յետքորոնական ժամանակահատուածին համար նման բաղադրատարրեր առանցքային նշանակութիւն ունին համարժէք սպառազինուելու առաջադրանք կատարող պետութիւններուն եւ հասարակութիւններուն համար: