Հայաստանին Պիտի Տրամադրեն Մեծ Թիւով Թոքերու Արհեստական Օդափոխութեան Սարքեր

Աշխարհ, Հայաստան

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր ընդունած է ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար եւ ՊՀԾ ներկայացուցիչ Ելենա Միլոշեւիչը:

Զրուցակիցները փաստած են, որ Հայաստանի եւ ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի միջեւ հաստատուած է արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւն:

Աշխարհի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրի տարածմամբ պայմանաւորուած` ստեղծուած իրավիճակի մէջ  զրուցակիցները առաջնահերթութիւններէն համարած են պարէնի անվտանգութեան խնդիրները: Նախագահ Սարգսեան այդ ծիրէն ներս շատ էական համարած է Հայաստանը սնունդի անվտանգութեան ոլորտի մէջ տարածաշրջանային հանգոյց դարձնելու գործնական քայլերու իրականացումը` ընդգծելով, որ նախնական պայմանաւորուածութիւններ ունի  շարք մը երկիրներու ղեկավարներու եւ մասնագիտացած միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

Նշելով, որ Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը յայտնի է որպէս արտակարգ իրավիճակներուն առաջիններէն արձագանգող միջազգային կառոյց` նախագահ Սարգսեան առաջարկած է բացի սնունդին վերաբերող հարցերէն, դիտարկել նաեւ Հայաստանին բժշկական սարքաւորումներով ապահովելու հնարաւորութիւնը: Ելենա Միլոշեւիչ ի պատասխան նախագահի առաջարկին` ըսած է, որ դիմած են միջազգային նուիրատուներուն եւ յառաջիկային Հայաստանին պիտի տրամադրեն մեծ քանակութեամբ թոքերու արհեստական օդափոխութեան սարքեր: