13-14 Մարտի Լուսցող Գիշերը Պղծուած Է Լիոնի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

13-14 Մարտի լուսցող գիշերը պղծուած է Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը:

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան այս առնչութեամբ Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Լիոնի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի ոստիկանութեան կոչ կ՛ուղղեմ` գործնական քայլերու ձեռնարկելու` բացայայտելու այդպիսի վանտալիզմ գործած անձերուն ինքնութիւնն ու զանոնք պատասխանատուութեան կանչելու, ինչպէս նաեւ այսուհետեւ իրականացնելու յուշահամալիրի արդիւնաւէտ պաշտպանութիւն»: