Իտալիայէն Ժամանածները Առանձնացուած Են Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի Անուան Վարժարանին Մէջ
Իտալիայէն յատուկ թռիչքով ժամանած ՀՀ քաղաքացիները մեկուսացուած են Դիլիջանի Մոնթէ Մելքոնեանի անուան ռազմամարզական վարժարանի տարածքին, որ ունի առանձնացուած ենթակառուցուածքներ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան։
«Մեկնելով ՀՀ բնակչութեան համաճարակային
անվտանգութեան ապահովման մասին ՀՀ օրէնքի 8-րդ յօդուածէն, որ կը սահամանէ պետական եւ տեղական
ինքակառավարման մարմիններու
լիազօրութիւնները բնակչութեան համաճարակային անվտանգութեան ապահովման բնագաւառէն ներս, ՊՆ-ն կառավարութեան կողմէ լիազօրուած է համակարգելու, օգտագործելու իր բոլոր
ենթակառուցուածքներն ու միջոցները մաքրութեան
եւ համաճարակային միջոցառումներու
կազմակերպման եւ բնակչութեան, առաջին հերթին զինծառայողներու, համաճարակային անվտանգութիւնը
ապահովելու համար:
Ըստ անհրաժեշտութեան, ՊՆ-ն, պետական գերատեսչութիւններու հետ համագործակցելով, իր ամբողջ
ներուժն ու ենթակառուցուածները ի սպաս պիտի դնէ պսակաւոր ժահրի կանխարգիլման եւ վերացման համար:
Միաժամանակ կը տեղեկացնեմ,
որ ուսուցման կազմակերպման գործընթացին վրայ այս որոշումը որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ: Վարժարանի տարածքը կանխարգելիչ քայլերէն ետք պիտի ախտահանուի»,- գրած է Շուշան Ստեփանեան: