Արամ Ա. Կաթողիկոս Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը Նշանակեց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Լիբանանի Հայոց Թեմին

Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դիւանը հետեւեալ հաղորդագրութիւնը հրապարակեց այսօր.

Կ’ուզենք մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս Լիբանանի հայութիւնը տեղեակ պահել, որ Վեհափառ Հայրապետը Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանին այլ առաքելութիւն մը վստահած ըլլալով, Լիբանանի հայոց թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակեց Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը։

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը իր նոր պատասխանատուութիւնը պիտի ստանձնէ վաղը, Ուրբաթ 13 Մարտի առաւօտուն։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ