ԱՄՆ 75 Քոնկրեսական Պահանջած են 100 Միլիոն Տոլար Տրամադրել Հայաստանին, 1.5 Միլիոն` Արցախին

Աշխարհ, Հայաստան

Քոնկրեսի մէջ ԱՄՆ 23 նահանգի 75 ներկայացուցիչներ նամակ ուղարկած են Ներկայացուցիչներու պալատի Յատկացումներու յանձնաժողովի արտաքին գործառնութիւններու ենթայանձնաժողովին 100 միլիոն տոլար տրամադրելու Հայաստանին, 1.5 միլիոն տոլար` Արցախին: «Արմենփրեսե»-ի հաղորդմամբ, տեղեկացուցած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբը:

Արցախի համար 1.5 միլիոն տոլարի աջակցութեան հետ կապուած կը նշուի, որ անիկա պէտք է նախատեսուի ականազերծման եւ ականի պայթիւնէն տուժածներու վերականգնողական աշխատանքներուն համար: Հայաստանի համար նշուած 100 միլիոն տոլարը պէտք է ուղղուի տնտեսական, կառավարման, օրէնքի գերակայութեան եւ անվտանգութեան աջակցութեան:

Նամակին մէջ կոչ կ՛ուղղուի կասեցնելու ԱՄՆ-ի ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին, քանի դեռ ան չէ դադրեցուցած Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակումները:  

Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է նամակին տակ ստորագրած բոլոր քոնկրեսականներուն ` աջակցելու Հայաստանին ու Արցախին, որոնք իրենց ներդրումը ունին խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան մէջ: