Դաշնակցութիւնը Արցախի Մէջ Քարոզարշաւի Մեկնարկը Կ՛ազդարարէ Սահմանէն

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան համապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւի մեկնարկը ՀՅԴ պատգամաւորի թեկնածուները` նախագահի թեկնածու, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի գլխաւորութեամբ ազդարարած են Արցախի ու Հայաստանի ազգային հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի զոհուելու վայրին` Մարզիլի գիւղի մատոյցներուն տեղադրուած խաչքար յուշարձանին յարգանքի տուրք մատուցելով:

Յարգանքի տուրք մատուցելով Աւոյի յուշաքարին` Դաշնակցութեան համամասնական ցուցակը գլխուորող Դաւիթ Իշխանեան, Արթուր Մոսիեան, Վահրամ Պալայեան, Արմինէ Յարութիւնեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Սուրէն Շինդեան եւ անոնց ուղեկցող դաշնակցական գործիչները իրենց հաւատարմութիւնը յայտնած են ազգային ազտաագրական պայքարին մէջ զոհուած հերոսներուն: ՀՅԴ գործիչները յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին Արցախի ժողովուրդին պիտի ներկայացնեն Դաշնակցութեան դիրքորոշուներն ու մօտեցումները ժողովրդավարական համակարգի կառուցման, ընկերային արդարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան հաստատման ուղղութեամբ:

Նշենք, որ Դաշնակցութիւնը քարոզարշաւի առաջին օրը հանդիպումներ կը նախատեսէ Վազգէնաշէն, Միւրիշէն, Աւդուռ, Հացի, Նորշէն եւ Աշան գիւղական համայնքներու բնակչութեան հետ: