Պոլսոյ Սահակ Պատրիարքը Ճաշի Հրաւիրեց Հայ Մամուլի Խմբագիրները

Սփիւռք

Պոլսոյ Հայոց նորընտիր Սահակ Բ. արք. Մաշալեան պատրիարքը, Երկուշաբթի, Փետրուար 10-ին, պատրիարքարանին մէջ, Թուրքիոյ հայ մամուլի խմբագիրները հրաւիրեց ճաշի, հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս մամուլի հարցերով եւ կատարեց առաջարկներ։

Խմբագիրները լսելէ ետք, ան յայտնեց, թէ պատրիարքարանը կարելի եղած չափով պիտի բաժնէ մամուլին հոգերը եւ կարիքները, ապա բացատրութիւններ տուաւ համայնքային գործերը աւելի օգտաշատ դարձնելու համար պատրիարքարանին կողմէ մշակուած նոր ծրագիրի մը մասին եւ այդ ուղղութեամբ խնդրեց նաեւ մամուլին զօրակցութիւնը։

«Իր տեսակին մէջ նոր ու օգտաշատ հաւաքոյթ մըն էր, եւ տակաւին առաջին վայրկեանէն կարելի է ըսել, որ պատրիարքարանի այս շարժուձեւը կը վստահեցնէր, որ պատրիարքարանը անտարբեր պիտի չմնար մեր մամուլի կարիքներուն ու խնդիրներուն նկատմամբ», կը գրէ «Մարմարա»-ն։

Ներկայ էին մեր «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան եւ օգնականը՝ Կարօ Համամճեան, «Ակօս»-ի խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեան, «Փարոս»-ի խմբագիր Մայտա Սարիս, «Լոյս»-ի խմբագիրներ Արամ Գուրան ու Շահնուր Գազանճը, «Ժամանակ»-ի խմբագիր Արա Գօչունեան եւ լուսանկարիչներ Մկրտիչ Արծիւեան ու Սարգիս Կիւրէհ։

Նշենք, որ ճաշին մասնակցեցան նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ պատրիարքարանի դիւանապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան ու պատրիարքի փոխանորդ Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան։