Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Նախաձեռնութեամբ՝ Գիրքեր Երեւանի Պետական Համալսարանին

Հայաստան, Սփիւռք

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը Գիրքի տօնին առիթով, որ կը նշուի ամէն տարուան Փետրուար 19-ին՝ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրը, գիրքեր նուիրեց Երեւանի պետական համալսարանի Իջեւանի մասնաճիւղի գրադարանին: Արեւմտահայերէն գիրքերը տպագրուած են արտերկրի մէջ, ուրեմն, վստահաբար, անոնք համալսարանի ուսանողներուն համար ուսումնասիրութեան նոր դուռ պիտի բանան:

Գիրքերը գրադարանին յանձնեցին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան եւ ԵՊՀ Իջեւանի մասնաճիւղի դասախօս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեան:

Ռուզան Առաքելեան հաստատեց, որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի դառնայ աւանդոյթ, եւ Սփիւռքի իրենց գործընկերներուն աջակցութեամբ Հայաստանի տարբեր գրադարաններ պիտի համալրուին այնպիսի գիրքերով, որոնք հանգամանքներու բերումով տպագրուած են միայն արտերկրի մէջ:

«Հաւատանք, որ Համազգայինի նմանօրինակ քայլը օրինակ կը ծառայէ միւս կազմակերպութիւններուն՝ այն համոզումով, որ ժամանակն է արդէն մտածելու նաեւ հոգեւոր ներգաղթի մասին»,- շեշտեց Խաչատուր Ստեփանեան:

Գրադարանի տնօրէն Վլատիմիր Պօղոսեան շնորհակալական իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց ընդհանրապէս գրադարաններուն հանդէպ նման վստահութիւնը՝ վկայակոչելով այն ճշմարտութիւնը, որ՝ «մեր լինելիութեան հաւաստումը նաեւ մեր հոգեւոր հարստութիւնն է, եւ այն պարտաւոր ենք պահել մեր հոգածութեան ներքոյ»: