Արթուր Ալեքսանեան Եւ Գէորգ Ղարիպեան ՝ Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեաններ

Այլեւայլ, Հայաստան

 Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Փետրուար 12-ին, Գէորգ Ղարիպեան (60 քկ.) իր ասպարէզին մէջ առաջին անգամն ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան՝ ոսկի մետալ խլելով։

Յատկանշական է նաեւ այն, որ Ղարիպեան այս տիտղոսին տիրացաւ պարտութեան մատնելով թուրք մրցակիցը՝ Քերիմ Քամալը, 5։5 արդիւնքով։

Իսկ 97 քկ. ծանրութեան կարգի եզրափակիչ մրցումին Արթուր Ալեքսանեան 7-1 արդիւնքով յաղթեց Իտալիոյ ներկայացուցիչ Նիքոլոզ Քախելաշվիլիին եւ հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Այսպիսով, Արթուր Ալեքսանեան 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:

Միւս կողմէ, Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը՝ Կարէն Ասլանեան (67 քկ.) խլեց ախոյեանութեան պրոնզէ մետալը՝ գերազանցելով հունգարացի մրցակիցը՝ Քրիսզան Վանցզայը: