Վիեննայի Մէջ Տեղի Կ՝ունենայ Հայ Դիւանագէտներու Հաւաք

Աշխարհ, Հայաստան

Վիեննայի մէջ սկսաւ Եւրոպայի եւ միջազգային ու շրջանային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը:

Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Աննա Նաղդալեան` դիտել տալով, որ քննարկման օրակարգին վրայ են Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան եւ շրջանային ու միջազգային հրատապ հարցեր: